ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ՝ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՈՎ

Արուեստի միջազգային եւ տարածաշրջանային մամուլը առանձնակի ուշադրութեամբ կ՚անդրադառնայ 20-րդ դարու արաբական եւ հայկական կերպարուեստի ամենամեծ վարպետներէն մէկուն՝ Փոլ Կիրակոսեանի ծննդեան 100-ամեակին։ 

Հեղինակաւոր «Վոկ Արաբիա» («Vogue Arabia») պարբերականը յատուկ յօդուած մը պատրաստած է Ապու Տապիի մէջ բացուած բացառիկ ցուցահանդէսին մասին, որ կը կրէ «Փոլ Կիրակոսեան․ արուեստի 100 տարի» խորագիրը։ Այս ձեռնարկը մեծ նկարիչի վաստակին տրուած յարգանքի տուրք մըն է, նաեւ՝ կարեւոր մշակութային իրադարձութիւն մը, որ ի մի կը բերէ անոր հինգ տասնամեակի ստեղծագործական ուղին։

Ապու Տապիի «Պասսամ Ֆրէյհա արթ ֆաունտէյշն» հիմնարկի երդիքին տակ բացուած ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Փոլ Կիրակոսեանի յիսուն տարուան՝ 1940-ականներէն մինչեւ 1990-ականները ձգուող հարուստ վաստակը։ 

2026 թուականի հոկտեմբերի 17-էն մինչեւ 2027 թուականի յունուար 17-ը երկարող այս ցուցադրութեան պատրաստական աշխատանքները տեւած են շուրջ երկու տարի։ Եթէ վարպետը ողջ ըլլար, 2026-ի դեկտեմբերի վերջաւորութեան՝ պիտի նշէր իր ծննդեան 100-ամեակը։ 

Ապու Տապիի մէջ այս իրագործումը հնարաւոր դարձած է «Փոլ Կիրակոսեան» հիմնադրամի ջանքերով, որ հիմնուած է տասնհինգ տարի առաջ։ Հիմնադրամի ղեկավարն է նկարիչին կրտսեր դուստրը՝ պէյրութաբնակ արուեստագիտուհի Մանուելլա Կիրակոսեան, որ վերջին երկու տասնամեակին իր ամբողջ ժամանակը նուիրած է 1993-ին 67 տարեկանին կեանքէն հեռացած իր ականաւոր հօր արխիւային նիւթերու հաւաքման, դասակարգման եւ թուայնացման։ Ցուցադրուած աշխատանքներուն մեծ մասը՝ իւղաներկ կտաւներ, ուրուանկարներ եւ արխիւային լուսանկարներ, հիմնադրամի հաւաքածոյէն են եւ առաջին անգամ ըլլալով դուրս եկած են Լիբանանի սահմաններէն։

«Վոկ Արաբիա»ի հետ զրոյցի ընթացքին Մանուելլա Կիրակոսեան կը հաղորդէ իր անձնական ապրումներն ու հօր հետ ունեցած մտերմութիւնը։ Ան կը նշէ, որ գիտէ, որ իր հայրը իսկապէս ինքնատիպ անձնաւորութիւն մըն էր։ Հայրը մարտահրաւէրներ նետած է իրեն, սորվեցուցած է ստեղծագործել եւ ազատութիւն տուած է փորձարկումներ ընելու երաժշտութեան ու արուեստի մէջ՝ սորվեցնելով պատրաստել շարժանկարային փոքր տետրակներ ու թուղթէ ձեւուածքներ։ Խօսելով հօր կորուստին մասին՝ ան կը հաւաստէ, որ զայն կորսնցնելը կործանարար եղած է, սակայն, ընտանիքին համար անչափ ջերմացնող է նշել անոր 100-ամեակը։

Ցուցահանդէսը ժամանակագրական եւ ոճական հետաքրքրական ընթացք մը կը պարզէ։ Անիկա կը սկսի նկարիչին երիտասարդական տարիներու դիմանկարներով, ուր պատկերուած են ինքը եւ ընտանիքի անդամները, յատկապէս՝ մայրը։ Ցուցադրութեան կեդրոնական գոհարներէն է անոր առաջին ինքնադիմանկարը՝ ստեղծուած 1948 թուականին, երբ Պաղեստինի Նաքպայի հետեւանքով Կիրակոսեան ընտանիքով Եաֆայէն հաստատուեցաւ Լիբանան։ 

Ամսագիրը կը գրէ, որ 1960-ականներէն սկսեալ Կիրակոսեանի տեսողական լեզուն կը կրէ արմատական փոփոխութիւն․ պատկերագրութիւնը կը դառնայ աւելի վերացական եւ խտացուած՝ իրականացուած թանձր ներկաշերտերով, որոնք յետագային դարձան անոր ձեռագիրը։

Փոլ Կիրակոսեան միայն ձեւի ու գոյնի վարպետ մը չէր, այլեւ խորապէս քաղաքականացուած եւ արթուն մտաւորական մը, որ երբեք չխուսափեցաւ տարածաշրջանի քաղաքական ցաւոտ իրադարձութիւնները արծարծելէ՝ հայերու տեղահանութենէն մինչեւ Պաղեստինի դատ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ։ Մանուելլա Կիրակոսեան կը նշէ, որ արխիւները ուսումնասիրելով բացայայտած է «մտածող եւ փիլիսոփայ Փոլը», որ մատնանշած է քաղաքական հարցերն ու հաւատացած է, թէ իսկական արուեստագէտները պատերազմի ատեն չեն ընկրկիր, այլ աւելի յամառ կը դառնան իրենց արուեստին մէջ։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՈՒՂԻ

Փոլ Մանուկի Կիրակոսեան ծնած է 1926 թուականի դեկտեմբերի 25-ին, Երուսաղէմ, գաղթը ապրած հայ ընտանիքի մէջ։ Չորս տարեկանէն յաճախած է կաթոլիկ գիշերօթիկ դպրոցներ՝ հեռու ապրելով իր մօրմէն եւ կոյր ջութակահար հօրմէն։ 1940-ականներու սկիզբը ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Եաֆա, ուր Փոլ ուսանեցաւ «Սթուտիօ Եարկոն»ի մէջ, իսկ 1946-ին աւարտեց Երուսաղէմի «Փիեթրօ Ժաքոփեթթի» գեղարուեստի ուսումնարանը։ 1948-ին ընտանիքը հաստատուեցաւ Լիբանան։ 1950-ականներուն ան արուեստ դասաւանդեց հայկական դպրոցներու մէջ, իսկ 1956-ին շահեցաւ Իտալական մշակութային հիմնարկի կրթաթոշակը եւ մեկնեցաւ Ֆլորանսի Գեղարուեստից ակադեմիան։

Ֆլորանսի եւ Փարիզի մէջ անհատական յաջող ցուցահանդէսներէ եւ միջազգային մրցանակներէ յետոյ, 1961 թուականին վերջնականապէս վերահաստատուեցաւ Պէյրութ։

1975 թուականին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը տակն ու վրայ ըրաւ մարդոց ծրագիրներն ու կեանքը։ 1989-1991 թուականներուն ապրեցաւ Փարիզ, ուր ցուցադրուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի կեդրոնատեղիին եւ Արաբական աշխարհի հիմնարկին մէջ։ Վարպետը մահացաւ 1993 թուականի նոյեմբերի 20-ին, Պէյրութ։ 

Ապու Տապիի մէջ կազմակերպուած հարիւրամեակի այս ցուցահանդէսն ու «Վոկ Արաբիա»ի անդրադարձը վկայութիւնն են Փոլ Կիրակոսեանի պատգամին անժամանցելիութեան։ Աղէտներու, անդամահատութեան եւ պատերազմներու բովէն անցած արուեստագէտը կրցաւ տարածաշրջանային ցաւը վերածել համամարդկային գեղագիտական լեզուի։ Դստեր՝ Մանուելլայի տարիներու հետեւողական աշխատանքին, անձնական յուզիչ վկայութիւններուն եւ միջազգային այս ցուցադրութեան շնորհիւ, Կիրակոսեանի ձգած մշակութային ժառանգութիւնը նոր սերունդներուն համար կը շարունակէ ծառայել իբրեւ ճշմարիտ արուեստի, տոկունութեան եւ քաղաքացիական արթնութեան ուղեցոյց։

ԴՍՏԵՐ՝ ՄԱՆՈՒԵԼԼԱՅԻ ՅՈՒԶԻՉ ՆԱՄԱԿԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ,
ՏՈԿՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Vogue Arabia»ի 2026 թուականի ապրիլի համարին մէջ տեղ գտած է բացառիկ եւ յուզիչ յօդուած մը, որ Փոլ Կիրակոսեանի կրտսեր դստեր՝ Մանուելլա Կիրակոսեանի գրութիւն-նամակն է։ Հօր հարիւրամեակին նուիրուած այս անձնական խոհագրութեան մէջ ան կը պատմէ կեանքի դժուարութիւններուն, արուեստի հանդէպ հօր անսասան հաւատքին, իրենց մտերմութեան եւ այն ժառանգութեան մասին, որ տակաւին կը շարունակէ խօսիլ նոր սերունդներու հետ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մանուելլա Կիրակոսեանի «Փոլ Կիրակոսեան՝ 100 տարեկան» խորագրել նամակ-գրութիւնը՝ արեւմտահայերէնով։

*

1974-ին, Պէյրութի մէջ ելեկտրականութեան ընդհատման հետեւանքով, խումբ մը մարդիկ մնացին վերելակի մը մէջ։ Անոնց շարքին էին հայրս՝ նկարիչ Փոլ Կիրակոսեան եւ յղի կին մը, որ սկսաւ խուճապի մատնուիլ։ Օդափոխութիւն ապահովելու համար հայրս փորձեց հարուածով բանալ վերելակի ապակեայ դուռը։ Ճիշդ այդ պահուն ելեկտրականութիւնը վերադարձաւ, վերելակը վերսկսաւ գործել եւ հօրս ոտքը կտրեցաւ։

Յաջորդեցին իրարանցումը, դէպքի վայրին մէջ տիրող խառնաշփոթը, դէպի հիւանդանոց կատարուած շտապ փոխադրութիւնը, այն իրողութիւնը, որ հայրս հազուադէպօրէն դրամ կը կրէր իր հետ, եւ հիւանդանոցին՝ սկզբնական շրջանին զինք առանց վճարման ընդունելէ հրաժարիլը։ Արեան մեծ կորուստ ունեցաւ եւ եղաւ պահ մը, երբ կարճ ժամանակով կորսնցուց կեանքը՝ նախքան վերակենդանացուիլը։ Ամբողջ արուեստի համայնքը ոտքի ելաւ։ Կառավարութիւնն ալ միջամտեց։ Լիբանանի մէջ վեց ամիս բուժում ստանալէ ետք, հայրս ղրկուեցաւ Շիքակօ, ուր եւս վեց ամիս ենթարկուեցաւ վիրաբուժական գործողութիւններու եւ վերականգնողական բուժման։

Ես երկուքուկէս տարեկան էի։ Մինչ ծնողքս Շիքակօ կը գտնուէին, մօրս քոյրը կը խնամէր մեզ։ Կէսօրէ ետք մը, երբ տեսայ, որ ինձմէ տարիքով մեծ մօրաքրոջս տղան կը գրկէր իր՝ ինծի հասակակից զաւակը, կատարեալ վստահութեամբ ըսի. «Հայրս ալ զիս պիտի գրկէ, երբ վերադառնայ»։ Եւ ան իսկապէս գրկեց զիս։

Երբ ծնողքս վերջապէս տուն վերադարձան, հօրս ոտքը ծունկէն վար անդամահատուած էր, թէեւ ան երբեք թոյլ չտուաւ, որ ես տեսնեմ այդ իրողութիւնը։ Ան հնարամիտ միջոցներ կը գտնէր զիս շեղելու, որպէսզի արտասովոր բան մը չնկատեմ։ Ժամանակի ընթացքին վճռեց ապրիլ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ՚ապրէր դէպքէն առաջ։ Կը մերժէր օգնութիւնը, ինք կը կրէր իր իրերը, հանրային փոխադրամիջոցներէն կ՚օգտուէր բոլորին պէս եւ վերելակի փոխարէն կը նախընտրէր աստիճաններով բարձրանալ։ Ան երբեք չէր ուզեր, որ իր հաշմանդամութիւնը զգալի դառնար ուրիշներուն համար։

Ապաքինման ամիսներուն կանուխ կ՚արթննայի, կը վազէի անոր սենեակը եւ կը ցատկէի անկողնին վրայ։ Ան ինծի տարբեր լեզուներով երգել կու տար եւ ձայնս կ՚արձանագրէր։ Տարիներ ետք, երբ սկսայ կազմել անոր կեանքին ու գործին արխիւը, գտայ այդ ձայնագրութիւնները եւ թուայնացուցի զանոնք։ Մինչեւ այսօր ալ երբեմն կ՚ունկնդրեմ։

Այդ ժապաւէններուն վրայ կարելի է լսել փոքրիկ ձայն մը, որ կ՚երգէ Շըրլի Պեսիի «Light My Fire» երգը եւ Մաժիտա էլ-Ռումիի «Am Behlamak Ya Helm Ya Lebnan»ը՝ երգ մը Լիբանանի համար երազելու մասին։ Հայրս յաճախ ինծի երգել կու տար այս երգերը՝ իր բարեկամներուն եւ հիւրերուն առջեւ։ Անոր սեւ ձեռնափայտը, որ գրեթէ իմ հասակիս չափ էր, կը բռնէի իբրեւ բարձրախօս եւ կը մտնէի հիւրասենեակ՝ այնպէս, կարծես բեմ բարձրացած էի։ 

Քանի որ ան չէր կրնար անմիջապէս վերադառնալ իր աշխատանոցը, տան նստասենեակին մէջ նկարչական սեղան մը զետեղուեցաւ։ Ես կը նստէի անոր ծունկերուն վրայ ու մենք անվերջ կը գծէինք։ Մեր օրերը լեցուն էին գծագրութիւններով, թուղթէ կտրատուած պատկերներով, շարժապատկերի պատրանք ստեղծող թերթիկներու տետրակներով եւ տիկնիկներով խաղալով։

Պատմութիւններ պատմելն ալ մեր միջեւ ուրիշ արարողութիւն մըն էր։ Անոր պատմութիւններուն մէջ ես միշտ հերոսուհին էի. ձի կը հեծնէի, կենդանիներ կը փրկէի, անտառներ կը պաշտպանէի։

Շատ ժամանակ կ՚անցընէի նաեւ անոր աշխատանոցին մէջ, ուր ունէր 8 միլիմեթր եւ 16 միլիմեթր շարժապատկերներու ցուցադրիչներ։ Ան ինծի սորվեցուց, թէ ինչպէս պատրաստել ժապաւէնները եւ զանոնք տեղադրել ցուցադրիչին մէջ։ Ժապաւէնները պէտք էր օձի մը նման անցընել սարքին տարբեր մասերէն, իսկ ես շատ փոքր տարիքիս սորվեցայ այդ գործը կատարել։ Պատին վրայ կը ցուցադրէինք ու կը դիտէինք Հոլիվուտի հին, սեւ-ճերմակ շարժապատկերները, ինչպէս՝ «Gentlemen Prefer Blondes»ը, որուն գլխաւոր դերակատարներն էին Մերլին Մոնրոն եւ Ճէյն Ռասըլը, ինչպէս նաեւ շարժուն մանկական ֆիլմեր։

Ամենէն շատ կը սիրէի դիտել, երբ հայրս կը նկարէր։ Զիս ամենէն աւելի կը հմայէին անոր շարժումներուն արագութիւնն ու արտայայտչականութիւնը։ Ան կարծես ինքնամոռացութեան վիճակի մը մէջ կը մտնէր։ Սկիզբը ոչինչ իմաստ ունէր։ Կը փորձէի հետեւիլ իւրաքանչիւր գիծի եւ վրձինի հարուածի՝ գուշակելու համար, թէ ինչ կը նկարէ, բայց միայն ան գիտէր, թէ դէպի ուր կ՚ուղղուէր։ Յանկարծ, ընդամէնը քանի մը շարժումով, պատկերը կը յստականար եւ նիւթը կը յայտնուէր այնպէս, կարծես միշտ հոն եղած ըլլար։ Ասիկա ինծի կախարդական կը թուէր։

Զարմանալի չէր, որ քանի մը կառավարութիւններու կողմէ ան պատիւներ ստացաւ՝ թէ՛ իր արուեստի գործերուն եւ թէ մարդասիրական գործունէութեան համար։ Այդ պատիւներու շարքին էր նաեւ 1984 թուականին Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ անոր շնորհուած «Chevalier de l’Ordre des Arts et des Lettres» տիտղոսը։

Երբ որեւէ պահու ըսէի. «Հայրի՛կ, զիս նկարէ», ան անմիջապէս կը դադրեցնէր իր գործը, նոր կտաւ մը կ՚առնէր եւ ընդամէնը քանի մը վայրկեանի ընթացքին զիս անմահ կը դարձնէր՝ արտայայտիչ գոյներով։ Ես այն անձն եմ, զոր ան ամենէն շատ նկարած է։

Տան մէջ ալ հայրս նոյնքան ներկայ էր։ Կը տեսնէի զայն՝ խոհանոցին յատակը աւլած կամ սպասները լուացած պահուն։ Զայն այդ գործերը կատարելիու ժամանակ տեսնելը ամէն ինչ բնական կը դարձնէր, այնպէս՝ կարծես տան բոլոր անդամները հաւասարապէս կը բաժնէին իրենց պարտականութիւնները։ Մեծանուն Փոլ Կիրակոսեան ամէն բանէ առաջ խոնարհ մարդ մըն էր։ Անոր համար ո՛չ մէկ գործ իր արժանապատուութենէն վար էր։

Երբեմն, երբ մայրս դուրսը կ՚ըլլար, դպրոցէն տուն կը վերադառնայի եւ կը գտնէի, որ հայրս ինծի համար համեղ խմորաթելեր (մաքարոն) պատրաստած էր։ Ան այդ ճաշատեսակը սորված էր Ֆլորանսի մէջ ուսանելու տարիներուն։ Իտալիոյ մէջ անցուցած տարիները իրեն նաեւ ոսկեայ մետալ մը բերած էին 1957-ին՝ Ֆլորանսի «Galleria d’Arte Moderna - La Permanente» պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած միջազգային արուեստի ցուցահանդէսի մասնակցութեան առիթով։

Հայրս զիս մեծցուց այնպէս, որ ապաւինիմ ինքզինքիս եւ գիտնամ իմ արժէքս։ Ես քոյրերուս եւ եղբայրներուս ամենէն փոքրն եմ եւ տարիներ շարունակ ընտանիքիս անդամները կը պատմէին, թէ որքան կապուած էր հայրս ինծի՝ իր ապաքինման շրջանին։ Մայրս կը սիրէր ըսել. «Մանուելլան Փոլին տկար կէտն է»։

Ես հաւատացած էի այդ խօսքին մինչեւ շատ աւելի ուշ, երբ հիմնեցի «Փոլ Կիրակոսեան» հիմնադրամը եւ սկսայ կարգաւորել անոր աշխատանոցին արխիւները։ Վթարէն առաջ տրուած հարցազրոյցները կարդալու եւ տեսագրութիւնները դիտելու ընթացքին անակնկալ բացայայտում մը ըրի։ Հայրս խօսած էր այն մասին, թէ իր կրտսեր դստեր ծնունդը ինչպէ՛ս փոխած էր իր նկարներուն գոյները։ Ան կը պատմէր, թէ իմ ծիծաղս ու լացս անդադար կը հնչէին իր աշխատանոցին եւ մտքին մէջ, նոյնիսկ երբ ես հոն չէի։

«Ան միշտ շուրջս է. ասիկա ամենէն յուզիչ բանն է», ըսած էր ան։

Ապա բացի իր գծագրութիւններու պահարաններուն դարակները։ Հոն հարիւրաւոր մանկական գծագրութիւններս կային։ Անոնց բոլորը խնամքով պահած էր՝ իւրաքանչիւրին վրայ գրելով անունս եւ տարիքս։ Այդ բացայայտումը խորապէս յուզեց զիս։ Ան ինծի հասկցուց, որ մեր կապը սկսած էր շատ աւելի կանուխ, քան հօրս հետ պատահած վթարը։

Հօրս ինծի փոխանցած կարեւորագոյն դասերէն շատերը բնականօրէն եկան մեր առօրեայ պահերուն ընդմէջէն։ Կէսօրէ ետք մը, երբ տասներեք տարեկան էի, հօրս 1948 թուականի ինքնանկարին առջեւ դաշնամուր կը նուագէի։ Ան վերադարձաւ իր աշխատանոցէն եւ խորիմաստ բան մը ըսաւ։

Բացատրեց, որ երաժշտութիւնը կը չքանայ հնչելէ ետք, մինչդեռ նկարը կը մնայ դարեր շարունակ։

«Նոյնիսկ իմ մահէս հարիւր տարի ետք, նկար մը կրնայ տակաւին գոյութիւն ունենալ մէկու մը տան մէջ, եւ ես այդ ընտանիքին մէկ մասը պիտի դառնամ ու անոնց զաւակներուն հետ պիտի շարունակեմ ապրիլ», ըսաւ ան։

Ան բացատրեց նաեւ, որ մեծ արուեստի բոլոր գործերուն սկիզբը ինքնանկարն է։ Հայելիին մէջ ինքզինք դիտելով՝ սեփական դիմանկարը նկարելը արուեստագէտի մը համար ամենէն դժուար գործերէն մէկն է։ Անիկա կը պահանջէ առերեսուիլ ներքին աշխարհիդ հետ, ընդունիլ թերութիւններդ եւ բացայայտել ուժեղ կողմերդ։

«Եթէ ինքզինքդ հասկնաս, ուրիշներն ալ պիտի հասկնաս», ըսաւ ան։

Բնականաբար, հայրս քաջալերեց զիս, որ փորձեմ նկարել։ Խնդրեցի իրմէ, որ աշխատանքիս վրայ ուղղակիօրէն չսրբագրէ իմ գծածս, ան համաձայնեցաւ՝ իր առաջարկները կողքի թուղթի մը վրայ ցոյց տալով։ Երբ աւարտեցի ինքնանկարս, հայրս իր նկարը վար առաւ եւ անոր տեղը դրաւ իմս։ Իր բարեկամներուն հպարտութեամբ կ՚ըսէր. «Պզտիկը ասիկա ըրաւ»։ Կը յիշեմ, թէ որքան կը շիկնէի այդ պահերուն, բայց, ներքնապէս անչափ ուրախ էի։

1926-ին ծնած հայրս Լիբանանի ամենէն բեղուն արուեստագէտներէն մէկն է։ Անոր գործերը լայնօրէն ցուցադրուած են թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու եւ թէ միջազգային բեմերու վրայ։ Անոր ստեղծագործութիւնները մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են միջազգային կարեւոր աճուրդներու ընթացքին՝ բազմիցս սահմանելով նոր մրցանիշներ։

Գործերէն շատերը կը պահուին հեղինակաւոր հաստատութիւններու հաւաքածոներուն մէջ, ներառեալ Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանը, Փարիզի «Centre Pompidou»ն եւ Քաթարի «Mathaf: Arab Museum of Modern Art»ը։

Հօրս բացառիկ ժառանգութիւնն էր, որ մղեց զիս հիմնելու «Փոլ Կիրակոսեան» հիմնադրամը։ Հիմնադրամին միջոցաւ կը պահպանենք անոր արխիւները, կը կազմակերպենք ցուցահանդէսներ, կ՚աջակցինք ակադեմական ուսումնասիրութիւններու եւ կը ջանանք ապահովել, որ անոր արուեստը շարունակէ հասնիլ նոր հանդիսատեսներու եւ յաջորդող սերունդներուն։ Երբեմն կը փափաքիմ ժամանակի մէջ ճամբորդել՝ անոր ցուցահանդէսները տեսնելու կամ իր գործերուն մասին անձամբ իրեն հետ խօսելու համար։

Ետ նայելով՝ կը յիշեմ, որ հօրմէս ողջ տեսածս վերջին անգամ այն էր, երբ ան մեծ խանդավառութեամբ վերադարձաւ աշխատանոցէն։

«Պէտք է գաս ու տեսնես նոր աւարտած նկարս», ըսաւ ան։ «Վերջապէս հասայ այն բանին, որ կ՚ուզէի։ Հինը եւ նորը միացուցի»։

Ան կը խօսէր այն գործին մասին, որ այսօր կը ճանչցուի «L’Adieu» անունով։ Միայն տարիներ ետք, երբ ուսումնասիրեցի անոր արուեստի զարգացումը տասնամեակներու ընթացքին, լիովին հասկցայ, թէ ինչ ըսել կ՚ուզէր։ Անոր ստեղծագործութիւնը միշտ շարժած էր պատկերային եւ վերացական արուեստի միջեւ, իսկ այդ վերջին նկարին մէջ ան գտած էր երկու աշխարհները միաւորելու եղանակը։

Այդ տարիները կը համընկնէին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանին։ Գիշերային ելեկտրականութեան ընդհատումներուն պատճառով մութէն վախ մը «բռնած» էի։ Յաճախ, գիշերուան կէսին, հօրս սենեակէն դուրս եկող մոմի լոյսը կը տեսնէի, կը լսէի անոր յենակներուն ձայնը եւ ապա դրանս մօտ կը նշմարէի անոր ուրուագիծը։ Կը կանչէի զինք, իսկ ան կը հարցնէր, թէ ինչո՛ւ արթուն եմ։ Կը նստէր քովս եւ մենք արուեստի մասին կը խօսէինք մինչեւ որ նորէն քնանայի։ Այդ պատկերը յաւերժ դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ։

Եթէ կարենայի հօրս հարիւրամեակին նուէր մը տալ, պիտի ուզէի օգնել, որ անոր պատմութիւնը շատ աւելի հեռուն հասնի, թերեւս վաւերագրական շարժապատկերի մը կամ ֆիլմի մը միջոցաւ։

Անոր կեանքը կարեւոր դաս մը կը փոխանցէ։ Ան դիմագրաւեց աքսորը, աղքատութիւնը, պատերազմը եւ վերջոյթ մը կորսնցնելու ցաւը, սակայն, ոչինչ կրցաւ զինք հեռացնել նկարչութենէն։ Նոյնիսկ երբ իրեն ըսած էին, թէ արուեստով կարելի չէ ապրուստ ապահովել, ան պատասխանած էր. «Կամ անօթութենէ պիտի մեռնիմ, կամ գծանկարիչ պիտի դառնամ»։

Անոր համար արուեստը ընտրութիւն մը չէր։

«Արուեստը մտքին թթուածինն է», կ՚ըսէր ան, եւ իր կեանքով ամէն օր կ՚ապրէր այդ ճշմարտութիւնը։ Ահա թէ ինչու անոր գործերը տակաւին կը շարունակեն ներգործել մարդոց վրայ։ Անոր նկարներուն մէջ մարդիկ կը տեսնեն արժանապատուութիւն, տոկունութիւն եւ մարդկայնութիւն։

Աշխարհը զինք կը ճանչնայ իբրեւ մեծ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեան։ Իսկ ինծի համար ան միշտ պիտի մնայ այն հայրը, որ մոմը ձեռքին կանգնած էր սենեակիս դրան առջեւ՝ իմ ամենէն մութ գիշերներուս, եւ ինծի քաջութիւն կը ներշնչէր։

Իր ծնունդէն հարիւր տարի ետք ալ անոր ձայնը նոյն ուժգնութեամբ կը հնչէ իր նկարներուն ընդմէջէն, թերեւս այսօր՝ աւելի քան երբեք։ Պատերազմին եւ մարդկայնութիւնը պաշտպանելու արուեստագէտին դերին մասին անոր ըսածները այսօր ալ նոյնքան հրատապ կը հնչեն։

Ծնունդդ շնորհաւո՛ր, հարիւրամեա՛կդ շնորհաւոր, Հայրի՛կ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2026