ՎԵՐՋԻՆ ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐՈՒՆ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԲԵՐՈՒԱԾ Է 32 ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔԱՐԱՆ
Պատերազմները, արշաւանքները, տեղահանութիւններն ու վանքերու աւերումները դարերու ընթացքին ցրուած են հայոց հոգեւոր ժառանգութիւնը աշխարհի չորս կողմերը։ Խաչեր, ձեռագիրներ, եկեղեցական սպասներ եւ սուրբերու մասունքներ տարբեր ժամանակներու մէջ դուրս եկած են իրենց բնօրրանէն ու յայտնուած՝ օտար երկիրներու գանձատուներուն, թանգարաններուն կամ մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ։ Դարեր անց, այդ սրբութիւններուն ճանապարհը դարձեալ կը շրջուի դէպի Հայաստան։
Վերջին քառորդ դարը Սուրբ Էջմիածնի համար նաեւ այդպիսի վերադարձներու շրջան մը եղած է։ Անցնող քսանհինգ տարուան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին բերուած են երեսուներկու սրբազան մասունքարաններ, որոնց մէջ ամփոփուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական սուրբերու մասունքներ։ Հայրենադարձուած մասունքարանները այսօր կարեւոր տեղ ունին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան մէջ։
Այս վերադարձներուն մէջ կան սրբութիւններ, որոնց անուններն իսկ հայոց հոգեւոր յիշողութեան ամբողջ էջեր կը բանան՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մասունքակիր աջը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասունքը, Սուրբ Յովհաննէս Օձնեցի Իմաստասէր կաթողիկոսի մասունքարանը, Սկեւռայի հռչակաւոր մասանց պահարանը, ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակաց մասունքարանը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի միջնորդութիւնը, բարձր տնօրինութիւնն ու հետեւողական ջանքերը կարեւոր դեր ունեցած են այս վերադարձներուն մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը եւ քրիստոնէական աշխարհի հնագոյն սրբավայրերէն մէկը, այս կերպով դարձած է նաեւ այն վայրը, ուր տարբեր դարերու եւ տարբեր աշխարհագրութիւններու մէջ պահպանուած սրբութիւններ կրկին կը համախմբուին։ Մասունքարանները, ինչպէս անոնց մէջ պահուող սրբազան իրերը, նոյնպէս արժէքաւոր վկայութիւններ են։
ՄԱՍՈՒՆՔԱՐԱՆՆԵՐԸ՝ ՏԵՍԱԿ ՄԸ ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐ
Որքա՞ն գանձեր ունինք, որոնց առջեւէն անցած ենք՝ առանց անդրադառնալու, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ամբողջ անցեալ մը կը պահէ իր մէջ։ Որքա՞ն առարկաներ կան թանգարաններու սրահներուն, վանքերու գանձատուներուն կամ եկեղեցական հաւաքածոներուն մէջ, որոնք առաջին հայեացքով կրնան պարզապէս հին արծաթէ իրեր թուիլ, մինչդեռ իրենց մակերեսին կը կրեն դարերու հաւատքը, արուեստը, վարպետութիւնը եւ երբեմն՝ կորսուած աշխարհի մը յիշողութիւնը։
Այդ առարկաներուն ամենէն խորհրդաւորներէն են մասունքարանները՝ այն փոքրածաւալ, բայց բացառիկ արուեստի գործերը, որոնք միաժամանակ թէ՛ սրբավայրեր են, թէ՛ պատմական վկայութիւններ եւ թէ ոսկերչական ու արծաթագործական բարձր վարպետութեան նմոյշներ։
Հայկական մշակոյթի այս աշխարհը այնքան հարուստ է, որ մասունքարանները մեզ կը տանին դէպի հայկական մետաղագործութեան հնագոյն արմատները, միջնադարեան վանքեր, թագաւորական ու իշխանական միջավայրեր, Կիլիկիա, Անի, Մուշ եւ մինչեւ մեր օրերը հասած սրբութիւններ։
Յայտնի է, որ Հայկական լեռնաշխարհը հնագոյն ժամանակներէն հարուստ եղած է ոսկիի եւ այլ մետաղներու հանքերով։ Մեր հեռաւոր նախնիները մետաղի մշակմամբ զբաղած են տակաւին Ք.Ա. 5-րդ հազարամեակին։ Այսօր աշխարհի տարբեր թանգարաններու մէջ պահպանուած են հայկական մետաղագործութեան նմոյշներ, որոնց ժամանակագրութիւնը կը հասնի մինչեւ Ք.Ա. 4-րդ հազարամեակ եւ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։
Պեղումները, պատմիչներու վկայութիւնները, ձեռագիր մատեաններն ու ժողովրդական աւանդութիւնները կը հաստատեն, որ մետաղի գեղարուեստական մշակումը Հայաստանի մէջ վաղուց դարձած էր զարգացած արհեստ։ Ոսկերիչն ու արծաթագործը պարզ, առօրեայ զարդերու կողքին կը ստեղծէին գահեր, զէնքեր ու զարդարուն զինատեսակներ, կենցաղային առարկաներ եւ նաեւ՝ եկեղեցական անգին սպասք։
Միջնադարուն այս արհեստը նոր մակարդակի հասաւ։ Ոսկերիչներն ու արծաթագործները կը համախմբուէին այն վայրերուն շուրջ, ուր իրենց աշխատանքին համար կար լայն պահանջարկ․ այդ կեդրոնները նաեւ վանքերն էին։
Եկեղեցիի պահանջով կը պատրաստուէին ոսկեայ ու արծաթեայ խաչեր, քշոցներ, սկիհներ, բուրվառներ, միւռոնի ամաններ, ձեռագրակազմեր, վարշամակներ, հոգեւորականներու զգեստները զարդարող թանկարժէք մետաղեայ տարրեր եւ՝ մասունքներու պահարաններ։
Նայելով այդ մասունքարաններուն՝ կը տեսնենք, որ երկու հիմնական տեսակ ունին՝ ուղղանկիւնաձեւ կամ խաչաձեւ մասնատուփեր եւ աջաձեւ մասունքարաններ, որոնք կը նմանին մարդու դաստակի ու ձեռքի։
Հայ վարպետները զանոնք սովորաբար կը պատրաստէին ոսկեայ կամ արծաթեայ շատ նուրբ թիթեղներէ՝ դրուագման եղանակով։ Կը զարդարէին գեղաքանդակ պատկերներով, իսկ երբեմն ալ՝ թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերով։
Ուղղանկիւնաձեւ մասնատուփը վարպետին աւելի մեծ ազատութիւն կու տար։ Հարթ մակերեսին վրայ կարելի էր պատկերել սուրբեր, դէպքեր եւ ամբողջ տեսարաններ։
Աջաձեւ պահարանի պարագային գործը շատ աւելի դժուար էր․ գոգաւոր մակերեսը գրեթէ չէր ձգեր լայնածաւալ պատկերներ ստեղծելու նոյն հնարաւորութիւնը եւ, ակնյայտ է, որ աջաձեւ մասնատուփ պատրաստելը արհեստաւորին համար աւելի բարձր վարպետութիւն կը պահանջէր։
ԿՈՐՍՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ
Պահպանուած եւ մեր օրեր հասած մասնատուփերը ամբողջ պատկերը չեն կրնար ներկայացնել։ Մեզի հասած հին նմոյշներու մեծ մասը կը վերագրուի 13-րդ դարէն սկսեալ ժամանակաշրջաններու։ Սակայն, սա չի նշանակեր, թէ անկէ առաջ Հայաստանի մէջ մասնատուփեր չեն պատրաստուած։ Պարզապէս արշաւանքները, բնակավայրերու ու վանքերու աւերումը, գանձերու կողոպուտը պատճառ եղած են, որ բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ ընդմիշտ անհետանան։
Այս լոյսին տակ, վերջին քսաատնա տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին բերուած երեսուներկու մասունքարաններու վերադարձը աւելի խոր նշանակութիւն կը ստանայ։ Իւրաքանչիւրը անոնցմէ իր հետ կը բերէ սուրբի մը անունը, վանքի մը յիշատակը, վարպետի մը ձեռագիրը, դարաշրջանի մը արուեստը եւ երբեմն՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ցաւոտ էջերէն մէկուն հետքը։
Բերուած երեսուներկու մասունքարաններու մեծ մասը կը պահուի եւ կը ցուցադրուի Մայր Աթոռի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան եւ Մայր Տաճարի աւանդատան թանգարանին մէջ։ Ուխտաւորները կրնան մօտենալ սրբութիւններուն, խնկարկել, մոմ վառել անոնց առջեւ եւ աղօթք բարձրացնել առ Աստուած։
Յատուկ եկեղեցական տօներու եւ սուրբերու յիշատակութեան օրերուն որոշ մասունքարաններ հանդիսաւոր կերպով դուրս կը բերուին եւ կը տեղափոխուին Մայր Տաճար կամ Մայր Աթոռի հովանիին ներքոյ գործող այլ եկեղեցիներ կամ մշակութային կեդրոններ. ինչպէս՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարան։ Այդ պահերուն սրբութիւնը դուրս կու գայ ցուցասրահի սահմաններէն եւ կը վերածուի կենդանի պաշտամունքի առարկայի։
Առաւել հանդիսաւոր օրերուն մասունքները կը մասնակցին սրբազան թափօրներու եւ Անդաստանի արարողութեան։ Երբեմն այս սրբութիւնները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն կը տեղափոխուին նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր թեմեր, որպէսզի աւելի լայն շրջանակի հաւատացեալներու առիթ տրուի հաղորդակից դառնալու ազգային սրբութիւններուն։
Մասունքարանները կարելի է դիտել տարբեր աչքերով։ Բոլորին համար անոնք սրբութիւններ են։ Արուեստաբանին համար անոնք նաեւ միջնադարեան բարձրակարգ մետաղագործութեան նմոյշներ են, պատմաբանին համար՝ անցեալի քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային աշխարհի վկաներ։ Իսկ սովորական այցելուն կրնայ անոնց մէջ առաջին անգամ տեսնել բան մը, որ դարեր շարունակ գրեթէ լուռ պահուած է՝ հայ վարպետին ձեռքը։
ԿՐԿՆԱԿԱԶՄԵՐԸ
Մասունքարաններէն զատ հայ վարպետը պատրաստած է նաեւ կրկնակազմեր, որոնց մէջ ալ կը պահուին մեր միւս գանձերը՝ մատեանները եւ գիրքերը։
Կրկնակազմը, սակայն, մատեանի մը արտաքին ծածկը չէ միայն։ Անիկա ինքնուրոյն արուեստի գործ մըն է՝ արծաթեայ կամ ոսկեայ գեղարուեստական կազմ, որ կը պատրաստուէր ձեռագիր կամ տպագիր մատեանի, առաւելաբար՝ Աւետարանի, բուն կաշեպատ տախտակեայ կամ ստուարաթուղթէ կազմին վրայ աւելցնելու համար։ Այդ ձեւով գիրքը կը դառնար նաեւ թանկարժէք մետաղով կերտուած սրբազան առարկայ մը։
Հայկական կրկնակազմերը նոյնպէս պատրաստուած են ոսկերիչ եւ արծաթագործ վարպետներու կողմէ՝ ձուլման, դրուագման, կռման, ոսկեթելի ու արծաթաթելի հիւսուածքի, սեւաներկի եւ արծնապատման բարձրարուեստ եղանակներով։ Անոնց վրայ հանդիպող մանրամասնութիւնները երբեմն այնքան նուրբ են, որ կազմը դիտողին առջեւ կը ներկայանայ գրեթէ որպէս փոքրածաւալ քանդակագործական աշխատանք։
Կրկնակազմերուն պատկերագրութիւնը եւս հարուստ է։ Առաջին փեղկին վրայ սովորաբար կը պատկերուի Խաչելութիւնը՝ Մարիամ Աստուածածնի եւ Յովհաննէս Աւետարանիչի կերպարներով, իսկ երկրորդ փեղկին վրայ կրնան ըլլալ Աստուածամայրը՝ Մանուկ Յիսուսը գրկին, Աւետումը կամ Սուրբ Ծնունդը։ Կազմերու եզրերուն կամ ամրացուած մետաղեայ խաչերուն վրայ պահպանուած արձանագրութիւններն ալ իրենց կարգին կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցեն․ անոնք կրնան յիշատակել պատուիրատուն, ստացողը, վարպետ-ոսկերիչը կամ ստեղծման վայրը։
ՊՈԼՍՈՅ ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՀԵՏՔԸ
Կրկնակազմերու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Պոլսոյ մէջ պատրաստուած կամ պոլսահայ վարպետներու ձեռքով կերտուած օրինակները։ 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն Պոլիսը հայկական ոսկերչութեան եւ արծաթագործութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն էր եւ այդ միջավայրի բարձր վարպետութիւնը իր դրոշմը ձգած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հասած կրկնակազմերուն վրայ։
Պոլսոյ մէջ պատրաստուած այս գործերը յաճախ աչքի կը զարնեն իրենց շքեղութեամբ՝ ոսկեզօծ բարձրաքանդակներով, ամպերու մէջ դրուագուած հրեշտակներով, Սուրբ Երրորդութեան եւ չորս աւետարանիչներու գահակալ պատկերներով։ Արհեստանոցներուն մէջ ի գործ դրուած էին նաեւ արծնապատման եւ թելահատիկաւոր հիւսուածքի բարդ եղանակներ։
Այս վարպետութեան վառ ապացոյցներէն են Պոլսոյ մէջ տպագրուած Աւետարաններու համար պատրաստուած ոսկեզօծ-արծաթեայ ծանրակշիռ կազմերը, ինչպէս նաեւ փոքրածաւալ ծէսերու գիրքերու. օրինակ՝ Պարզատումարներու արծնապատ կրկնակազմերը։
Կրկնակազմերը իրենց մէջ կը կրեն նաեւ նուիրատուութեան հետքը։ Պոլսահայ մեծահարուստները, ամիրաները եւ հոգեւորականները այսպիսի թանկարժէք գործեր կը պատուիրէին Պոլսոյ վարպետներէն եւ նուիրակներու միջոցով որպէս ընծայ կը ղրկէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Այս պատճառով ալ այսօր Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններուն մէջ պահուող իւրաքանչիւր կրկնակազմ կարելի է կարդալ քանի մը մակարդակի վրայ։ Անիկա գիրք մը կը պաշտպանէ, բայց միաժամանակ կը բացայայտէ իր ժամանակի արուեստը, արհեստանոցներու մշակոյթը, նուիրատուներու աշխարհը, Պոլսոյ հայ համայնքի կեանքը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ անոր կապերը։
Կրկնակազմերով կը փայլի նաեւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը, ուր ձեռագիր եւ տպագիր մատեաններու շքեղ կազմերը կը ներկայանան որպէս հայկական գրքարուեստի եւ մետաղագործութեան այս աւանդոյթի ուրիշ մէկ երեսակը։ Այստեղ պահպանուած օրինակները եւս կը վկայեն այն բարձր վարպետութեան մասին, որ դարեր շարունակ ուղեկցած է հայկական գրչութեան ու գրքարուեստի աւանդոյթին։
Մայր Աթոռի վերադարձած մասունքարաններն ու անոր հաւաքածոներուն մէջ պահպանուած կրկնակազմերը՝ մեր առջեւ կը բանան հայկական մշակոյթի նոյն մեծ շղթային տարբեր օղակները։ Մէկուն մէջ սրբութեան մասունքն է, միւսին մէջ՝ սրբազան մատեանը։ Երկուքին ալ վրայ պահպանուած է հայ վարպետին ձեռքի հետքը։
Երկուքն ալ իրենց մէջ պահուող սրբութենէն ու գիրքէն պակաս արժէքաւոր չեն։
ՍԿԵՒՌԱՅԻ ՄԱՍՆԱՏՈՒՓԸ․ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՈՍԿԵՐՉԱԿԱՆ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԸ
Ուղիղ քսան տարի առաջ՝ 2006 թուականի աշնան, Հայաստան վերադարձաւ Սկեւռայի մասնատուփը։
Կիլիկեան Հայաստանի հարուստ մշակութային ժառանգութեան մէջ իրենց ուրոյն ու բացառիկ տեղը ունին մետաղագործութեան եւ արծաթագործութեան նմոյշները։ Ասոնց շարքին ամենէն նշանաւոր եւ արժէքաւոր սրբութիւններէն է Սկեւռայի մասնատուփը, որ ո՛չ միայն 13-րդ դարու հայկական արուեստի բարձրակէտն է, այլեւ համաքրիստոնէական նշանակութեան մեծագոյն մասունքարան մը։
Մասնատուփը պատրաստուած է 1293 թուականին (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 1283-ին), Կիլիկիոյ հռչակաւոր Սկեւռայի վանքին մէջ, որ յայտնի էր իր գրչութեան կեդրոնով եւ արհեստանոցներով։ Այս եզակի ստեղծագործութեան պատուիրատուն էր Սսոյ եւ համայն Կիլիկիոյ հայոց արքեպիսկոպոս Կոստանդինը (Կոստանդին Լամբրոնացի)։ Ան Կիլիկեան Հայաստանի ազդեցիկ հոգեւորականներէն էր եւ յայտնի մշակութային գործիչ, որ մեծ ջանքեր ներդրած է հայ եկեղեցական արուեստի ծաղկման համար։
Սկեւռայի մասնատուփը երեք դռնակներով եռափեղկ պահարան-տապանակ մըն է, որ պատրաստուած է փայտէ եւ ամբողջութեամբ պատուած բարձրորակ արծաթեայ ոսկեզօծ թիթեղներով։ Մասնատուփին վրայ կան բարձրարուեստ դրուագումներ, որոնք կը պատկերեն աստուածաշնչական տեսարաններ եւ սուրբերու պատկերներ։ Արտաքին փեղկերուն վրայ պատկերուած են Աւետման տեսարանը, Քրիստոսի Խաչելութիւնն ու Յարութիւնը, իսկ ներսի մասին մէջ զետեղուած են սուրբերու դրուագուած պատկերները՝ իրենց անուններու փորագրութիւններով։ Մասնատուփին վրայ պահպանուած են նաեւ ընդարձակ հայերէն յիշատակարաններ, որոնք մանրամասնօրէն կը պատմեն անոր ստեղծման տարեթիւին, պատուիրատուին եւ հոն ամփոփուած մասունքներուն մասին։
Այս մասնատուփին գլխաւոր արժէքը անոր մէջ պահուող տասնութ մեծագոյն սուրբերու մասունքներն են։ Անոնց շարքին են քրիստոնէութեան հիմնադիրներուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերուն մասունքները. ինչպէս՝ Սուրբ Թադէոս, Սուրբ Բարթողիմէոս, Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը, Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը, Սուրբ Կատարինէն, Սուրբ Ստեփանոս Նախավկան եւ այլք։ Այսպիսի հարուստ հաւաքածոյ մը մէկ սրբարանի մէջ վկայութիւնն է այն բանին, որ Կիլիկեան Հայաստանը քրիստոնէական աշխարհի խոշորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն մէկն էր։
Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն եւ Սկեւռայի վանքին աւերումէն յետոյ մասնատուփին հետքերը երկար ատեն կորսուած էին։ Դարերու ընթացքին ան յայտնուած էր Եւրոպա եւ անցած՝ տարբեր մասնաւոր հաւաքածոներու ձեռքէ։ 1880 թուականին մասնատուփը գնած է ռուս յայտնի հաւաքորդ եւ դիւանագէտ Ալեքսանտր Պազիլեւսքի, իսկ 1885 թուականին Ռուսաստանի Ալեքսանտր Գ. կայսրը ձեռք բերած է Պազիլեւսքիի ամբողջ հաւաքածոն եւ զայն յանձնած Սեն Փեթերսպուրկի Կայսերական Էրմիթաժին։
Աւելի քան դար մը Սկեւռայի մասնատուփը կը համարուէր Էրմիթաժի արեւելեան քրիստոնէական արուեստի բաժնի ամենէն թանկարժէք ցուցանմոյշներէն մէկը։
Պատմական արդարութիւնը վերականգնեցաւ 2000 թուականին, երբ Էրմիթաժի տնօրէնութիւնը Սկեւռայի մասնատուփը հանդիսաւորութեամբ նուիրաբերեց Հայ Եկեղեցւոյ։ Սկզբնական շրջանին անիկա կը պահուէր Սեն Փեթերսպուրկի նորաօծ Սուրբ Կատարինէ հայկական եկեղեցւոյ մէջ։
2006 թուականի նոյեմբերին, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Տ․ Եզրաս եպիսկոպոս Ներսիսեանի ջանքերով եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 7-րդ տարեդարձի առիթով, Սկեւռայի սուրբ մասնատուփը վերջնականապէս հայրենադարձուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Այսօր այս հոգեւոր եւ մշակութային գանձը կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ։ Անոր առջեւ խնկարկելու եւ աղօթք բարձրացնելու առիթն ունին հազարաւոր ուխտաւորներ․ բոլորի աղօթքներու մէջ է, որ Սկեւռայի սրբազան մասունքները իրենց զօրութիւնն ու օրհնութիւնը բաշխեն հայոց աշխարհին ու ողջ հայ ժողովուրդին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան