ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԶԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ. Ի՞ՆՉ ՇԱՀԵՑԱՆՔ, Ի՞ՆՉ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆՔ ԵՒ Ի՞ՆՉ ՄՆԱՑ ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՒՆ

Հայաստանի անկախութիւնը 35 տարեկան է։

35 տարի՝ երազէն իրականութիւն, յաղթանակներէն ու կորուստներէն մինչեւ այսօր եւ դեռ շարունակուող ճանապարհ մը՝ դէպի վաղուան Հայաստան…

Դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը բազմիցս կորսնցուցած է իր պետականութիւնը, բայց, երբեք չէ կորսնցուցած անկախ ապրելու երազը։ Անկախ Հայաստանի գաղափարը ապրած է պատմութեան ամենադժուար ժամանակներուն մէջ, սերունդէ սերունդ փոխանցուած է եւ պահպանուած՝ երբեմն բարձրաձայն, երբեմն՝ լուռ։

Այս երազը չմարեցաւ նաեւ խորհրդային տարիներուն։

Խորհրդային Հայաստանը իր սահմաններով, հաստատութիւններով եւ ազգային կեանքի որոշ կարելիութիւններով գոյութիւն ունէր, սակայն, անկախ պետութեան գաղափարը անոր սահմաններէն դուրս էր։ Հայաստանի անկախութեան մասին բաց խօսիլը դիւրին բան չէր։ Այդուհանդերձ, խորհրդային ժամանակաշրջանին եղան մարդիկ, որոնք զանազան ձեւերով պահեցին անկախութեան գաղափարը, ընդյատակեայ պայքար մղեցին, գրեցին, խօսեցան եւ փորձեցին պահպանել այն համոզումը, թէ հայ ժողովուրդը իր սեփական պետականութիւնը ունենալու իրաւունքը ունի։

Անոնք գուցէ քիչ էին, բայց, անոնց պահած գաղափարը փոքր չէր։

1980-ականներու վերջաւորութեան Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ ճեղքուիլ։ Տասնամեակներ շարունակ ներսը պահուած ազգային հարցերը դուրս եկան հրապարակ։ Հայաստանի մէջ եւս ժողովուրդը սկսաւ աւելի բարձրաձայն պահանջել իրաւունքներ, ինքնորոշում եւ սեփական ապագան որոշելու հնարաւորութիւն։

Այն, ինչ տարիներ շարունակ կրնար ըլլալ անհատի մը կամ փոքր խումբի մը երազը, սկսաւ դառնալ հազարաւորներու, ապա՝ ամբողջ հասարակութեան, նոյնիսկ՝ համայն հայութեան ձայնը։

1990-ի գարնան, երբ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ Գերագոյն խորհուրդի այլընտրանքային ընտրութիւններ տեղի ունեցան, արդէն պարզ էր, որ երկիրը մտած էր քաղաքական նոր փուլ մը։ 

Ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի հայ բնակչութիւնը, իսկ պայքարը հիմնականօրէն ընթացաւ Հայոց համազգային շարժման եւ Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։

Այդ օրերուն Հայաստանի մէջ ուրիշ մթնոլորտ մը կար։

Մարդիկ կը հաւատային, որ պատմութիւնը իսկապէս կը փոխուի։ Փողոցներուն մէջ ամէնուր ոգեւորութիւն էր, խօսքերուն մէջ՝ ապագայի մասին հազարաւոր պատկերացումներ կ՚իշխէին, իսկ մարդոց մէջ՝ կար համոզում մը, որ վերջապէս կարելի պիտի ըլլայ սեփական երկիրը սեփական ձեռքերով կառուցել։

Անկախութիւնը այլեւս միայն անցեալի յիշողութիւն կամ ընդյատակեայ պայքարողներու գաղափար չէր։ Ան դարձած էր համազգային մեծ երազ։ 

Սփիւռքի համար ալ անկախութեան հռչակումը պատմական վերադարձի զգացում մը ունէր։ Տասնամեակներ շարունակ պետական հայրենիք չունեցող հայութիւնը անկախութեան գաղափարի մէջ տեսաւ համազգային նոր էջ մը բանալու կարելիութիւնը։

23 ՕԳՈՍՏՈՍ 1990. ԱՌԱՋԻՆ ՄԵԾ ՔԱՅԼԸ

1990-ի օգոստոսի 4-ին նորընտիր Գերագոյն խորհուրդը ընտրեց իր նախագահը՝ Հայոց համազգային շարժման վարչութեան ղեկավար Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը։ Նորընտիր իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան ազգային անկախ պետականութեան ստեղծման։

Եկաւ 23 օգոստոսը, որ կրկին պատմական օր է անկախ Հայաստանի պատմութեան համար։

Այդ օր Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը ընդունեց «Հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին» եւ հռչակեց անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը։

Այդ քայլը հեշտ չէր։ Խորհրդային Միութիւնը տակաւին գոյութիւն ունէր, իսկ կեդրոնական իշխանութիւնը պատրաստ չէր պարզութեամբ ընդունելու հանրապետութիւններու հեռացումը։ Հետեւաբար, ամէն մէկ բառի ետին կար նաեւ քաղաքական համարձակութիւն եւ պատասխանատուութիւն։

Հռչակագիրը ծնաւ տարբեր նախագիծերու, երկար քննարկումներու եւ սուր բանավէճերու պայմաններուն մէջ։ Սակայն, այդ ամբողջ գործընթացին ետին կար մէկ հիմնական նպատակ՝ ստեղծել նոր, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական Հայաստան։

1990-ի օգոստոսի 23-ին, Երեւանի ժամանով ժամը 12 անց 3 վայրկեանին, այդ պատմական փաստաթուղթը ընդունուեցաւ 183 պատգամաւորներու կողմ քուէներով։

Հայ ժողովուրդը իր պետականութեան կորուստէն շուրջ 70 տարի ետք դարձեալ բռնեց անկախութեան ճանապարհը։

Հռչակագիրը 12 կէտերով կը նախանշէր ապագայ պետութեան հիմնական ուղղութիւնները՝ ինքնիշխանութիւն, պետական իշխանութեան գերակայութիւն, սեփական օրէնքներ, քաղաքացիութիւն, սեփական տնտեսութիւն, ազգային բանակ, մայրենի լեզու, մարդու իրաւունքներ եւ ժողովրդավարական հասարակարգ։

Այսօր այս բառերը կրնան սովորական թուիլ։ Այն ժամանակ անոնք անսովոր գաղափարներ էին ու շատ գրաւիչ ու խորհրդաւոր կը լսուէին։ 

ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ

Հռչակագիրը կը խօսէր մարդու իրաւունքներու, խղճի, կուսակցութիւններու, մամուլի ազատութեան եւ շատ այլ հարցերու մասին։ Վերականգնման ենթակայ կը նկատէր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքները։

Այս բոլորը կը նշանակէին, որ անկախ Հայաստանը պէտք էր ըլլար ո՛չ միայն ինքնիշխան, այլեւ այնպիսի երկիր, ուր քաղաքացին ազատօրէն կը զգայ ինքզինք իր պետութեան մէջ։

ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԸ, ԶԻՆԱՆՇԱՆԸ ԵՒ ՕՐՀՆԵՐԳԸ

Անկախութիւնը պէտք էր նաեւ տեսանելի դառնար։

1990-ի օգոստոսի 24-ին ընդունուեցաւ պետական դրօշի մասին օրէնքը, որով Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը դարձաւ եռագոյնը։ Նոյն շրջանին սկսաւ զինանշանի եւ օրհներգի ստեղծման ու ընտրութեան գործընթացը։ 1991-ին, «Մեր հայրենիք»ը ընտրուեցաւ որպէս օրհներգի հիմք, իսկ 1992-ին, պետական զինանշանը դարձաւ Առաջին Հանրապետութեան զինանշանը։

Այսօր դրօշը, զինանշանը եւ օրհներգը կրնան սովորական պետական խորհրդանիշներ թուիլ։ Բայց, անկախութեան առաջին օրերուն անոնք շատ աւելի խոր իմաստ ունէին։

Երկիրը կը փորձէր իր նոր կեանքը կառուցել՝ միաժամանակ կապուելով իր առաջին անկախ Հանրապետութեան հետ։

21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1991․ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

1990-ի օգոստոսի 23-ը ճանապարհը բացաւ։ Բայց վերջնական որոշումը պէտք էր տրուէր ժողովուրդին։

1991-ի մարտի 1-ին, Գերագոյն խորհուրդը որոշեց սեպտեմբերի 21-ին հանրաքուէ իրականացնել՝ Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու եւ անկախանալու հարցով։

Եկաւ 21 սեպտեմբերը։ Քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 95,05 տոկոսը մասնակցեցաւ հանրաքուէին, իսկ անոնց 94,39 տոկոսը իր ձայնը տուաւ անկախութեան օգտին։

Այս թիւերուն ետին ժողովուրդ մըն էր։

Երկու օր ետք՝ 23 սեպտեմբերին, Գերագոյն խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ պետութիւն։

Այս անգամ անկախութիւնը այլեւս գործընթաց մը չէր։ Ան պետութիւն էր։

Բայց, անկախ պետութիւն դառնալը տարբեր բան էր, իսկ այդ պետութիւնը ապրեցնելը՝ բոլորովին տարբեր։

Անկախութեան առաջին ամիսներուն եւ տարիներուն ժողովուրդին մէջ դեռ մեծ էր ոգեւորութիւնը։ Մարդիկ ծանր դժուարութիւններու մէջ անգամ ապագայի յոյս ունէին։ Կար այն զգացումը, որ երկար սպասուած փոփոխութիւնը վերջապէս իրականացած է եւ ինչ ալ ըլլայ դժուարութիւնը՝ սեփական պետութիւն ունենալը կ՚արժէ այդ գինը։

Բայց, շատ շուտով անկախութիւնը իր ամենածանր երեսակը ցոյց տուաւ։

Պատերազմը սաստկացաւ։ Հայաստանի տնտեսական կապերը նախկին համակարգին հետ խզուեցան։ 1991-ի նոյեմբերին կրկին փակուեցաւ Ատրպէյճանէն եկող կազամուղը, սկսաւ ուժանիւթի շրջափակումը, իսկ հանրապետութեան գրեթէ բոլոր ձեռնարկութիւնները դադրեցան աշխատելէ։

Դժուար տարիները յաջորդեցին։ Պատերազմը տուներէն ներս մտաւ։

Զոհերը դարձան թիւեր, ապա՝ անուններ, ապա՝ ընտանիքներու ցաւ։

Անկախութիւնը այլեւս միայն դրօշ ու երգ չէր։ Անիկա դարձաւ հաց, լոյս, անվտանգութիւն, սահման, բանակ եւ ապրելու պայքար։

Եւ այդ ծանր տարիները անխուսափելիօրէն փոխեցին ժողովուրդին հոգեբանութիւնը։

Այն մեծ ոգեւորութիւնը, որ կար անկախութեան օրերուն, սկսաւ կամաց-կամաց մարիլ։

Պատերազմները միայն տարածքներ չեն փոխեր։ Անոնք կը փոխեն ժողովուրդներու հոգեբանութիւնը։

Տարիներու ընթացքին մեր մէջ կուտակուեցան կորուստ, վախ, յոգնութիւն եւ հիասթափութիւն։ Անկախութեան առաջին օրերուն եղած համախմբութիւնը աստիճանաբար թուլացաւ։

Այն ժողովուրդը, որ 1991-ին գրեթէ միաձայն կերպով իր անկախութիւնը հաստատած էր, տարիներ ետք սկսաւ աւելի ու աւելի բաժնուիլ իրարու դէմ։

Հասած ենք տեղ մը, որ այդ բաժանումը այլեւս դժուար է չտեսնել։

Անկախութեան արժէքը երբեմն կը մնայ անմիաբանութեան ստուերին տակ։

Երեւելի են իրարու հանդէպ աճող թշնամանքը, անհանդուրժողականութիւնը, անպատկառ խօսակցութիւնները։ Այնպիսի պահեր կը ստեղծուին, երբ քաղաքական տարակարծութիւնը կը վերածուի անձնական ատելութեան, իսկ հասարակական բանավէճը՝ վիրաւորանքի։

Նոյնիսկ Եկեղեցւոյ նկատմամբ կը տեսնենք այնպիսի անյարգալից վերաբերմունքի դրսեւորումներ, որոնք տարիներ առաջ շատերուն համար աներեւակայելի պիտի ըլլային։ Արժէքներու վրայ քարեր նետելու համարձակութիւնը, սրբութիւններու մասին անպատկառ խօսքը, դիմացինը նուաստացնելու եւ լռեցնելու սովորութիւնը միայն առանձին դէպքեր չեն։ Անոնք կը մատնանշեն հասարակութեան մը մէջ խորացող ներքին պառակտումները։

Նոյն երկրի քաղաքացին իր դիմացինը այլեւս հակառակ կարծիք ունեցող մարդ չի նկատեր, այլ՝ թշնամի․․․ Անորոշ եւ մշուշոտ մթնոլորտ մը ստեղծուած է ու անկախութեան հիմքերը կը դառնան աւելի փխրուն։

Ի՞ՆՉ ՇԱՀԵՑԱՆՔ, Ի՞ՆՉ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆՔ

Շահեցանք ամենակարեւորը՝ սեփական պետութիւն ունենալու իրականութիւնը։

Ունեցանք մեր դրօշը, զինանշանը, օրհներգը, քաղաքացիութիւնը, բանակը, դրամը, պետական հաստատութիւնները, մեր օրէնքները եւ մեր երկրի ապագային վերաբերող որոշումներ կայացնելու իրաւունքը։

Բայց վճարեցինք ծանր գին։

Պատերազմները խլեցին մարդկային կեանքեր։ Կորսնցուցինք տարածքներ եւ համայնքներ։ Կորսնցուցինք Արցախը։ Կորսնցուցինք տուներ, յիշողութիւններ, սերունդներու ապրած աշխարհներ։

Կորսնցուցինք նաեւ վստահութեան մէկ մասը. այն վստահութիւնը, թէ մեր ունեցածը անպայման պիտի կարողանանք պահել։

Այսօր անկախութեան տարեդարձին առջեւ կանգնած՝ անցեալին նայիլը բաւարար չէ։ Պէտք է նայիլ նաեւ վաղուան։ 

Մտահոգութիւնները շատ են։

Հայաստանը յայտնուած է տարածաշրջանային մեծ խաղերու կեդրոնին։ Մեր շուրջը կը հատուին ուրիշ պետութիւններու շահերը, օտար ուժերու ծրագրերը, տարբեր աշխարհաքաղաքական հաշուարկներ։

Փոքր պետութեան մը համար նման միջավայրը մշտապէս կը պահանջէ զգօնութիւն, պետական մտածողութիւն եւ ներքին ամրութիւն։

Իսկ այսօր երբեմն այնպիսի զգացողութիւն կը ստեղծուի, կարծես ոտքի տակ ինկած ըլլանք՝ որպէս երկիր։

Կարծես ապրինք տան մը մէջ, որ ո՛չ դուռ ունի, ո՛չ պատուհան։ Ամէն կողմէ կը տեսնուի։ Ամէն կողմէ կը լսուի։ Ամէն գաղտնիք մէջտեղն է։

Այդպիսի տան մէջ ապրող մարդը, բնականաբար, անվտանգութեան լիարժէք զգացողութիւն չի կրնար ունենալ։

Այս զգացողութիւնը միայն սահմանային վտանգի մասին չէ։ Անիկա նաեւ այն զգացողութիւնն է, թէ մեր երկրի շուրջ տեղի ունեցող մեծ գործընթացներուն մէջ մենք երբեմն աւելի շատ ենթակայ ենք ուրիշներու որոշումներուն՝ քան մեր սեփական որոշումներուն։

1990-ի Հռչակագիրը ինքնին ծնաւ բանավէճերու, զանազան նախագծերու եւ քաղաքական տարակարծութիւններու միջեւ։ Բայց տարբեր մարդիկ, տարբեր ուժեր եւ տարբեր համոզումներ ունեցող երեսփոխաններ ի վերջոյ կարողացան ընդունիլ փաստաթուղթ մը՝ Հայաստանի անկախ պետականութեան ճանապարհը բացող փաստաթուղթը։

Այսօր մեզի դարձեալ պէտք է այդ կարողութիւնը։ Համախմբումը չի նշանակեր, որ բոլորս նոյն կարծիքը ունենանք։ Չի նշանակեր լռեցնել տարակարծութիւնը։ Չի նշանակեր հրաժարիլ քննադատութենէն։

Համախմբումը կը նշանակէ, որ տարբեր կարծիքներու կողքին պէտք է մնան նաեւ բաներ, որոնց շուրջ կարելի չէ բաժնուիլ՝ պետականութիւնը, երկրի անվտանգութիւնը, քաղաքացիական արժանապատուութիւնը, հայերէնը, մշակոյթը, պատմական յիշողութիւնը, եկեղեցին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան։

Կարելի է իրարու հետ չհամաձայնիլ՝ առանց իրարու թշնամի դառնալու։

Կարելի է քննադատել՝ առանց անպատկառութեան։ Կարելի է քաղաքական պայքար ունենալ՝ առանց պետութիւնը ներսէն թուլցնելու։

Մտորումները հարցումներ կը ծնին՝ ո՞ւր գնաց այն ոգեւորութիւնը, որով ժողովուրդը դիմաւորեց նոր Հայաստանը։

Ի՞նչ եղաւ այն համախմբութեան, որուն շնորհիւ կարելի դարձաւ անհնարին թուացող քայլը։

Ի՞նչ պիտի ընենք, որպէսզի պատերազմներու, կորուստներու եւ ներքին հակադրութիւններու հետեւանքով մարած հաւատքը ամբողջովին չկորսուի։

Անկախութիւնը միայն 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ը չէ։

Անկախութիւնը ամէն օր է։

Ամէն օր՝ երբ պետութիւնը կը պաշտպանուի։

Ամէն օր՝ երբ քաղաքացին կը յարգէ միւս քաղաքացին։

Ամէն օր՝ երբ հայերէնը կ՚ապրի։

Ամէն օր՝ երբ պատմութիւնը կը յիշուի՝ առանց ատելութիւնը ժառանգելու։

Ամէն օր՝ երբ տարբեր կարծիքով մարդիկ կը գտնեն իրարու հետ խօսելու ձեւը։

Եւ ամէն օր՝ երբ երկիրը կը փորձէ դադրիլ ուրիշներու խաղերուն պարզ թատերաբեմը ըլլալէ եւ իր ձեռքերուն մէջ պահել իր ապագայի բանալին։

Ի՞ՆՉ ՄՆԱՑ ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՒՆ

35 տարիներ անց, թերեւս ամենադժուար հարցը այն չէ, թէ ի՞նչ շահեցանք եւ ի՞նչ կորսնցուցինք։ Ամենադժուար հարցը այն է, թէ այս բոլորէն ետք ի՞նչ մնաց մեր ձեռքերուն։

Մնաց պետութիւն մը, որ ծնաւ երազէն եւ անցաւ փորձութիւններու բովէն։

Մնաց ժողովուրդ մը, որ տեսաւ յաղթանակի ուրախութիւնը, պատերազմի ցաւը, կորուստի դառնութիւնը եւ վերապրելու պարտադրանքը։

Մնացին անուններ, որոնց առջեւ պարտք ունինք։ Մնացին տուներ, որոնց բանալիները այլեւս դռներ չեն բանար։ Մնացին յիշողութիւններ, որոնք ո՛չ մէկ քարտէս կրնայ ջնջել։

Բայց մնաց նաեւ ամենակարեւորը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Մեր ձեռքերուն մէջ է այսօր այն պետութիւնը, որու մասին նախորդ սերունդները երազեցին, որու համար մարդիկ պայքարեցան, որու ստեղծման համար ժողովուրդը քուէարկեց եւ որու գոյութեան գինը շատեր վճարեցին իրենց կեանքով։

Այդ պատճառով անկախութիւնը ո՛չ միայն տօն է, ո՛չ միայն դրօշ, օրհներգ կամ պատմական թուական։ Անիկա ժառանգութիւն է։ Եւ ժառանգութիւնը միայն հպարտութեամբ չեն պահեր․ զայն կը պահեն պատասխանատուութեամբ։

Գուցէ մեր ամենամեծ պատասխանատուութիւնը ապագային հանդէպ այն է, որ մեր երեխաներուն չփոխանցենք միայն մեր ցաւերը։ Փոխանցենք նաեւ մեր տոկունութիւնը։ Չփոխանցենք միայն մեր բաժանումները։ Փոխանցենք իրարու հետ ապրելու կարողութիւնը։ Չսորվեցնենք ատելութիւն։ Սորվեցնենք արժանապատուութիւն, պատասխանատուութիւն եւ հայրենասիրութիւն, որ չի պահանջեր ուրիշին ատելութիւնը։

Անկախ Հայաստանը պիտի չամրանայ միայն սահմաններուն վրայ։ Ան պիտի ամրանայ նաեւ մեր ընտանիքներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, մշակոյթին, բանակին, պետական հաստատութիւններուն եւ, ամենէն առաջ, մեր քաղաքացիական գիտակցութեան մէջ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2026