ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ՆՈՐ IPHONE ՄԸ, ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ՆՈՐ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ամէն տարի, գրեթէ նոյն ժամանակաշրջանին, աշխարհը դարձեալ կը սպասէ նոյն ծիսական արարողութեան։ Նոր «iPhone» մը պիտի ներկայացուի։ Նոր մը։ Նախորդէն քիչ մը աւելի բարակ, քիչ մը աւելի արագ, նաեւ այնպիսի տեսախցիկով մը, որ քիչ մը աւելի յստակ պիտի լուսանկարէ, այնպիսի պաստառով մը, որ քիչ մը աւելի պայծառ պիտի ըլլայ եւ քանի մը նոր յատկութիւններով, որոնց պակասը մինչեւ երէկ գրեթէ ո՛չ ոք կը զգար։

Այնուամենայնիւ, ներկայացման օրը յանկարծ այդ բոլորը կը դառնայ անհրաժեշտութիւն։ Մարդիկ ժամերով կը հետեւին շնորհանդէսին, կը դիտեն նոր սարքի նկարները, կը համեմատեն նախորդ մոտելին հետ, կը քննարկեն տեսախցիկի քանի մը «փիքսելի» տարբերութիւնը, կը հաշուեն կատարողականութեան քանի մը տոկոսով աճը եւ նոյնիսկ երբ իրենց ձեռքին տակ գտնուող հեռաձայնը տակաւին անթերի կ՚աշխատի, անոնց մէջ նոր ցանկութիւն մը կը ծնի. «Պէտք է հինը փոխեմ»։

Բայց ի՞նչ փոխուած է իրականութեան մէջ։

Հեռաձայնը տակաւին հեռաձայն է, որով կը զանգենք, կը գրենք, կը լուսանկարենք, երաժշտութիւն կ՚ունկնդրենք, համացանց կը մտնենք եւ ընկերային ցանցերու կը հետեւինք։ Մարդուն կեանքը յանկարծ ամբողջովին չի փոխուիր միայն այն պատճառով, որ սարքի ետեւի տեսախցիկը նոր դասաւորութիւն մը ունի կամ կեդրոնական մշակիչը նախորդ սերունդէն քանի մը տոկոս աւելի արագ է։ Սակայն ժամանակակից սպառողական մշակոյթը մեզի սորվեցուցած է, որ բաւարար ըլլալը այլեւս բաւարար չէ։

Եթէ երէկ ունեցածդ լաւ էր, այսօր պէտք է աւելի լաւը ունենաս։ Եթէ անցեալ տարի գնած հեռաձայնդ ժամանակակից էր, այս տարի ան արդէն «հին» կը նկատուի։ Եւ եթէ մէկը տակաւին երկու կամ երեք տարի առաջուան մոտելով կը շրջի, ան կարծես ետ մնացած ըլլայ աշխարհի արագացող ընթացքէն։

Ամենէն հետաքրքրականը, սակայն, այն է, որ այս մրցավազքը մեծ մասամբ իրական կարիքի մը մրցավազքը չէ։ Ան ցանկութեան մրցավազքն է։ Մենք այլեւս չենք հարցներ. «Այս սարքը ինծի պէ՞տք է»։ Փոխարէնը կը հարցնենք. «Նորը ե՞րբ կ՚ելլէ»։ Եւ այս երկու հարցումներուն միջեւ հսկայ տարբերութիւն մը կայ։ Առաջինը ծնունդ կ՚առնէ կարիքէն, երկրորդը՝ սպասումէն։

«Apple»ի նման ընկերութիւնները, բնականաբար, կը գործեն իրենց տնտեսական տրամաբանութեամբ։ Անոնց նպատակը նոր արտադրանք ներկայացնելն է, շուկան շարժման մէջ պահելը եւ մարդիկ համոզելը, որ նոր սարքը նախորդէն աւելի ցանկալի է։ Այս երեւոյթը ինքնին զարմանալի չէ։ Զարմանալի է այն, որ մենք՝ սպառողներս, շատ յաճախ առանց դիմադրելու կ՚ընդունինք այդ տրամաբանութիւնը։

Նոր մոտելը կը ներկայացուի եւ մենք կը սկսինք սպասել։ Նոր գովազդը կը տարածուի եւ մենք կը սկսինք համեմատել։ Նոր գոյն մը կը յայտնուի եւ յանկարծ մեր ներկայ հեռաձայնը կը սկսի մեր աչքերուն հին երեւիլ։ Սա սպառողական մշակոյթի ամենանուրբ հնարքներէն մէկն է. քեզմէ ունեցածդ չեն խլեր, այլ կը համոզեն, որ ունեցածդ այլեւս բաւարար գեղեցիկ, արագ կամ ժամանակակից չէ։ Եւ մենք կը մասնակցինք այդ խաղին։

Մարդը երբեմն նոր հեռաձայն մը չի գներ, որովհետեւ իր հին հեռաձայնը փճացած է։ Ան կը գնէ, որովհետեւ նոր հեռաձայնը իր աչքին նոր ինքնութիւն մը կը խոստանայ. աւելի ժամանակակից ըլլալ, աւելի յաջող, աւելի հարուստ կամ աւելի նորաձեւ երեւիլ։ Եւ այստեղ հեռաձայնը կը դադրի պարզ գործիք մը ըլլալէ։ Ան կը դառնայ կարգավիճակի խորհրդանիշ մը։

Թերեւս այս է պատճառը, որ որոշ մարդիկ նոր «iPhone»ի մասին կը խօսին այնպիսի ոգեւորութեամբ, կարծես իրենց կեանքին մէջ մեծ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած ըլլայ։ Մինչդեռ իրենց նախորդ հեռաձայնը տակաւին իրենց գրպանին մէջ է։

Երբեմն կը մտածեմ՝ եթէ նոյն չափով ոգեւորութեամբ մարդիկ իրենց նոր գիրքերը, նոր գաղափարները, նոր գիտելիքները կամ իրենց անձնական աճը քննարկէին, աշխարհը որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար։

Եթէ մարդ մը նոր հեռաձայն մը գնելու փոխարէն այդ գումարին մէկ մասը գիրքերու, կրթութեան, ճանապարհորդութեան կամ իր ընտանիքին հետ ապրելիք յիշողութիւններու վրայ ծախսէր, արդեօք իր կեանքը աւելի՞ քիչ ժամանակակից պիտի ըլլար։

Թերեւս ո՛չ։ Որովհետեւ իրական յառաջընթացը միշտ նոր սարք մը ունենալը չէ։ Երբեմն յառաջընթացը այն է, որ մարդ մը աւելի լաւ ճանչնայ ինքզինք, աւելի խոր մտածէ, աւելի հանգիստ ապրի, աւելի քիչ համեմատէ ինքզինք ուրիշներու հետ, աւելի քիչ բաներու կարիք զգայ՝ երջանիկ ըլլալու համար։

Այսօր, սակայն, կը գտնուինք տարօրինակ հակասութեան մը մէջ։ Թեքնոլոժին կը զարգանայ անհաւատալի արագութեամբ, բայց մարդու ցանկութիւնները նոյնքան արագ կը բազմանան։ Նոր սարքը մեզի ժամանակ խնայելու համար կը ստեղծուի, բայց, մենք մեր խնայած ժամանակը կը ծախսենք նոր սարքի մասին տեղեկութիւններ փնտռելով։

Մենք կը գնենք աւելի արագ հեռաձայններ՝ մեր կեանքը արագացնելու համար, ապա կը բողոքենք, որ կեանքը չափազանց արագ կ՚անցնի։ Կը գնենք աւելի բարձրորակ տեսախցիկներ, բայց երբեմն կը մոռնանք իրական պահը ապրիլ, որովհետեւ չափազանց զբաղած ենք զայն լուսանկարելով։ Կը գնենք մեծ պահեստային յիշողութեամբ սարքեր, մինչդեռ մեր իսկ յիշողութիւնները կը լեցնենք հարիւրաւոր անպէտ տեղեկութիւններով։

Եւ ամէն տարի նոյն պատմութիւնը կը կրկնուի։ Նոր մոտել մը։ Նոր գովազդ։ Նոր ցանկութիւն։ Նոր գնում։ Եւ ապա՝ նոր սպասում։ Մինչեւ յաջորդ տարին։ Այս անվերջ շրջանը մեզ մտածելու պէտք է մղէ. իսկ ո՞ւր կը վերջանայ կարիքը եւ ո՞ւր կը սկսի սպառողական կախուածութիւնը։

Որեւէ սխալ բան չկայ թեքնոլոժին սիրելու մէջ։ Որեւէ սխալ բան չկայ նաեւ «iPhone» մը գնելու մէջ, երբ մարդ իսկապէս անոր կարիքը ունի կամ պարզապէս կ՚ուզէ ինքզինք ուրախացնել։ Խնդիրը հեռաձայնը չէ։ Խնդիրը այն պահն է, երբ առարկան կը սկսի ղեկավարել մարդուն ցանկութիւնները։

Երբ այլեւս չենք որոշեր, թէ երբ պէտք է նոր բան գնել, այլ շուկան կ՚որոշէ մեր փոխարէն։ Երբ մեր ունեցածին արժէքը կը սկսինք չափել անով, թէ արդեօք այս տարուան մոտե՞լն է, թէ ոչ։ Երբ «հին» բառը կը նշանակէ ո՛չ թէ չաշխատող, այլ պարզապէս «նախորդ տարուանը»։ Եւ գուցէ ամենամեծ վտանգը այստեղ է, որ մենք կը սկսինք մեր կեանքը ապրիլ ո՛չ թէ մեր կարիքներուն, այլ շուկայի օրացոյցին համաձայն։

Սեպտեմբերը կը դառնայ նոր «iPhone»ի ամիսը։ Մինչ այդ՝ սպասում։ Ներկայացումէն ետք՝ քննարկում։ Յետոյ՝ նախապատուէր։ Յետոյ՝ գնում։ Եւ քանի մը ամիս ետք արդէն կը սկսի նոր լուրերու սպասումը։ Մարդը կարծես մշտապէս կը գտնուի «յաջորդ բանին» դիմաց։ Բայց կեանքը միշտ յաջորդ բանին սպասելով ապրիլ չի նշանակեր։ Կեանքը նաեւ ունեցածը նկատելն է։ Հեռաձայնը գրպանին դնելն է։ Սիրած մարդուն աչքերուն նայիլն է։ Գիրք մը կարդալն է։ Երկար զբօսանքի երթալն է։ Լուռ նստիլն է։ Եւ հասկնալը, որ երբեմն մեր ունեցածը ո՛չ թէ հին է, այլ՝ բաւարար։

Թերեւս մեր ժամանակաշրջանի ամենամեծ շքեղութիւնը նոր «iPhone» մը ունենալը չէ։ Թերեւս ամենամեծ շքեղութիւնը այն է, որ նոր բան մը ունենալու մշտական կարիքը չունենաս։ Որ կարենաս նայիլ ձեռքդ ունեցած հեռաձայնին եւ ըսել. «Այս մէկը տակաւին կը բաւէ ինծի»։

Այդ նախադասութիւնը այսօր գրեթէ ըմբոստութիւն է։ Որովհետեւ աշխարհը ամէն տարի մեզի կը հարցնէ. «Ի՞նչ նոր բան պիտի գնես»։ Իսկ գուցէ ժամանակն է, որ մենք երբեմն հակադարձենք. «Ի՞նչ ունիմ արդէն, որ մոռցած եմ գնահատել»։ Եւ այդ հարցման պատասխանին մէջ գուցէ շատ աւելի մեծ հարստութիւն գտնենք, քան որեւէ նոր մոտելի արկղիկի մէջ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026