«ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ» ԲԱԲԳԷՆ ԱԹՈՌԱԿԻՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

2025 թուականի կէսերուն, Հալէպի մէջ, հրամանաւ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. արք. Աշգարեանի, լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ Բաբգէն Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսի գրութիւններէն փունջ մը՝ «Խորհրդածութիւններ քառասնօրեայ պահեցողութեան» խորագիրին տակ: Գրքոյկը կազմած ու խմբագրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիտասարդ եռանդուն միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան:

Գիրքը թղթակազմ է եւ կը բաղկանայ 144 էջերէ: Գրքոյկը հրատարակուած է քաղցր յիշատակին Խաչեր ու Մարի Շաննագեաններու, մեկենասութեամբ՝ տիրամայր Սօնա Շաննագեան-Աշգարեանի: 

Հետաքրքրական բովանդակութեամբ եւ հոգեւոր շինութեան համար բաւականին առատ սնունդ ունեցող այս գրքոյկը կը բաղկանայ 14 գրութիւններէ եւ խմբագիրին խօսքէն: Գրքոյկին բովանդակութիւնը գլխաւորաբար ապաշխարութեան, զղջումի, պատասխանատուութեան զգացումի, խոստովանութեան եւ պահեցողութեան մասին է, ուր երանաշնորհ հայրապետ Աւետարանական հատուածները առնչելով ներկայի կեանքին՝ կու տայ բացատրութիւններ, լուծումներ եւ թելադրութիւններ, սրբագրելու մեր կեանքը եւ ընթանալու Աւետարանական ուղիով:

Խմբագիր հայր սուրբ տողատակի ծանօթագրութիւններուն մէջ բացատրութիւններ տուած է որոշ բառերու, որոնք ներկայիս սկսած են քիչ գործածուիլ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է Աւետարանական այն հատուածները, զորս երանաշնորհ հայրապետը նշած է իր գրութիւններուն մէջ:

Գիրքին մէջ տեղ գտած գրութիւններն են. Ներքին կեանքը: Ապաշխարեցէք: Մեծ պահք: Բուն բարեկենդան: Բուն բարեկենդան եւ Արտաքսման կիրակի: Արտաքսման կիրակի: Անառակի կիրակի Ա. եւ Բ.: Տնտեսի կիրակի Ա. եւ Բ.: Դատաւորի կիրակի Ա. եւ Բ.: Գալստեան կիրակի Ա. եւ Բ.:

Հոգշ. հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի այս գրքոյկին մէջ ամփոփուած գրութիւններուն, կը գրէ. «Բաբգէն Կաթողիկոս իր միտքերը այնպէս մը արտայայտած է, որ կարծէք ընթերցողին հետ երկխօսութեան մէջ է: Իսկ պատումները՝ տասնեակ տարիներ ետք, ընթերցողը պիտի ենթադրէ, թէ նորօրեայ գրութիւններ ըլլային: Այո՛, տասնամեակներ առաջ գրուած են, սակայն բովանդակութիւնը՝ այժմէական է: Անոր ոճը պարզ, հաղորդական եւ հարազատ է: Որոշ բառեր արդի մեր լեզուին եւ գրականութեան պատշաճեցուցած ենք, օրինակ՝ իւրը ըրած ենք իր, ելնելը՝ ելլել, եւ այլն» (էջ 7): Հայր Սուրբը նաեւ կը նշէ, թէ՝ «Վեհափառ Հօր մտածումներն ու գրութիւնները ի մի բերած եմ՝ Նորին Սրբութեան հեղինակած «Դասեր Աւետարանէն», «Մեծ պահոց քարոզներ» գիրքերէն եւ Կաթողիկոսարանիս «ՀԱՍԿ» պաշտօնական ամսագիրէն: Վեհափառին մէջբերած Աւետարանական համարները ամբողջութեամբ նշած ենք տողատակին: Մէջբերման համար օգտագործած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսած աշխարհաբար Նոր կտակարանը, 2001 թուականին» (8-9):

Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսը խօսելով Մեծ պահքին եւ մեր՝ հայերուս այս պահքին նկատմամբ ունեցած մօտեցումին ու հասկացողութեան մասին, այնքան իրաւացիօրէն կ՚արձանագրէ հետեւեալ ճշմարտութիւնը, թէ՝ «Մեծ պահքը, ըստ երեւոյթին զուտ կրօնական նշանակութիւն մը ունի եւ ինչ որ կրօնական է, մեծ արժէք մը չի ներկայացներ, կ՚ըսեն եւ կամ պիտի ըսեն անոնք, որ կը յաւակնին լուսամիտ ըլլալ. հիմա հայոց համար գոյութեան պայքարը կայ, եւ ի՛նչ որ չի շօշափեր այդ պայքարը, աւելորդ է խօսիլ ատոր մասին, եւ ի՛նչ որ աւելորդ է, շատ անգամ վնասակար է» (27): Եւ շարունակելով պահքի մասին բացատրութիւն տալ, թէ ի՛նչ է պահեցողութիւնը, անոր իմաստը, հայրապետը կը գրէ. «Ոեւէ պահքի, փոքր թէ մեծ, արժէքը կերուխում չէ: Պահքի հետ կերուխումը յարաբերական արժէք մը ունի միայն: Պահք կամ պահել թէ՛ հրէութեան եւ թէ քրիստոնէութեան մէջ կը նշանակէր, եւ հիմա ալ կը նշանակէ ծոմ, ծոմել, որոշ ատենի կամ շրջանի մը համար բան չուտել: Հին հայերէնի մէջ ալ պահել կամ պահք, կը պահէ իր այդ իմաստը:

Պահք կը նշանակէ որոշ չափով ժուժկալութիւն, որ հիմնուած է զոհողութեան վրայ: Եւ որովհետեւ կերակուրը, ուտել-խմելը, աւելի ճիշդը խոհանոցը՝ մեծ ազդեցութիւն ունի անհատի բնախօսական վիճակին վրայ, այդ ազդեցութեան կանոնաւոր եւ արդիւնաւոր չափն ու կշիռը պահելու համար, իրաւամբ մեծ կարեւորութիւն եւ ուշադրութիւն տրուած է ուտելու եւ խմելու դրութեան հաւատացեալներու կեանքին մէջ: Այս ըմբռնումը աւելի պարզ ընելու համար կրնամ ըսել, թէ ի՛նչ որ է (diet) (ժուժկալութիւն, բժշկական պահք) բժշկութեան մէջ, նոյնն է պահքը իր ամենաստոյգ իմաստով կրօնական դրութեան մէջ: Եւ կրօնքը որ միշտ նկատի առած է կեանքի եւ կենցաղի պայմանները, պահքի դրութիւնը չէր կրնար անօգուտ եւ անտրամաբանական կերպով մը օրինագրել, եթէ պահքը կարեւոր դեր մը չունենար հաւատացեալներու մարմնական եւ բարոյական կեանքին մէջ» (28):

Երանաշնորհ հայրապետը խօսելով ապաշխարութեան կարեւորութեան մասին, կը գրէ. «Քրիստոնեայ մարդը պարտաւոր է ամէն օր անդրադառնալ իր կենցաղին: Վասնզի աշխարհը լի է փորձանքներով եւ ամէն օր կրնայ մեղքի փոշի մը նստիլ իր վրայ, որ բարդուելով իրարու վրայ կը թանձրանայ եւ կը խաւարեցնէ հոգեկան պայծառութիւնը մարդուն:

Արդէն մտած են աղուհաց ուտելու եւ ապաշխարելու շրջանին, պահքերու Մեծին, ուր Հայ Եկեղեցւոյ պաշտամունքը, իր ամբողջ կառուցուածքով, հոգեյոյզ է, եւ հաւատացեալներուն դիպուկ առիթ մը կ՚ընծայէ մտածելու, ինքնիր մէջ դատուելու, բաց միտքով, կրօնական անարատ երկիւղածութեամբ եւ կշռելու իր ներքին արժէքները» (13):

Հայրապետը բացատրելով, թէ ի՛նչ է ապաշխարութիւնը եւ ինչպէ՞ս կը կատարուի, կը գրէ. «Քրիստոնեայ մարդուն ապաշխարութիւնը կը կայանայ իր մեղքերը ճանչնալու քաջութեան մէջ: Աշխարհիկ թագաւորութիւնը չի ներեր, այլ կը դատէ եւ կը դատապարտէ. սակայն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սիրոյ եւ թողութեան թագաւորութիւնն է: Անառակ որդիներ հայրական ներողութեան կ՚արժանանան հո՛ն, իրենց ինչքը եւ առողջութիւնը կորսնցնելէ յետոյ իսկ, հերիք է որ զգաստանան, ճանչնան իրենց յանցանքը եւ ողջմտութեան թափին տակ, իրենց խղճմտանքին առջեւ խոստովանին արիաբար եւ ըսեն, սխա՛լ ըրի, մեղանչեցի. պէտք է որ երթամ իմ սիրելի հօրս, իյնամ անոր ոտքերուն եւ ըսեմ. հա՜յր, ես մեղաւոր եմ Աստուծոյ եւ քու առջեւդ. ներէ՛ ինծի:

Այս դաստիարակութիւնը եւ հոգեկան մարզանքը Աւետարա՛նը միայն կրնայ տալ, քրիստոնէական կրօնքին եւ հաւատքին այդ ակնաղբիւրը եւ աստուածային պատուէրներուն այդ գանձարանը:

Անոնք որ կը սիրեն զԱստուած եւ կ՚ամչնան մարդոցմէ, շուտով կ՚անդրադառնան իրենց սխալներուն եւ մեղքերուն, եւ քաջութեամբ կը պայքարին անոնց դէմ, կը խոստովանին զանոնք, եւ կ՚ապաշխարեն. շեշտենք անգամ մըն ալ, նախ իրենց խղճմտանքին առջեւ եւ յետոյ իր եղբօր ու ընկերութեան առջեւ» (15-16): 

Իսկ փորձանքի ու մեղքի մասին անդրադառնալով, կը գրէ. «Փորձանք եւ մեղք շատ տրաբերութիւն չունին իրարմէ: Մարդիկ կը փորձուին, մարդիկ կը մեղանչեն, որովհետեւ փորձանքը հրապոյրներով ծածկուած է, որովհետեւ մեղքերը «անուշ» են: Եւ Աստուածաշունչի հեղինակներէն սկսելով, փորձառու անձինք՝ մեղքը նմանցուցած են անուշ պտուղի» (60-61):

Երջանկայիշատակ հայրապետը հարցադրումներու շարք մը կու տայ կրօնքի, բարեկամութեան, ընտանեկան կեանքի, հայ բարքերու եղծումին, հոգեոր արժէքներու՝ Աստուած, Քրիստոս, եկեղեցի, դրախտ, եւ այլնի մասին մարդոց մօտեցումներու փոփոխութեան, փորձելով հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել այդ բոլորին վրայ, գտնելու համար պատասխաններ եւ ի հարկին լուծումներ եւ դարմանում: Կարդանք.

«Ինչո՞ւ համար կրօնքի ըմբռնումն ու յարգը թուլցած եւ տկարացած է ներսդ, որովհետեւ կարողութիւններուդ մասին արդար գաղափար մը չունիս: Կրնաս ինքնին վերլուծել ասոր պատճառները՝ քննելով ինքզինքդ եւ օգտուելով մինչեւ այստեղ տրուած բացատրութիւններէն:

Ինչու համար բարեկամութիւնները կասկածելի կը դառնան եւ տեսակ մը ձեւակերպութենէ անդին չեն անցնիր, որովհետեւ բարեկամութեան հիմքը չեն կազմեր սէրը, պարզ նկարագիրը, արդարութիւնը, այլ՝ շահը եւ նկատումը:

Ինչո՞ւ համար ընտանեկան կեանքի տխուր դէպքերը հետզհետէ կը ծաւալին հայ տուներու մէջ, որովհետեւ հայ կեանքի մէջ պարզութիւնը, չափաւորութիւնը, կեանքի դառնութիւններուն դէմ արդարկշիռ մաքառումը կը պակսին հետզհետէ: Հայ տուներու դրախտային անուշութիւնը կը քշուի, կը տարուի օտարոտի ըմբռնումներէ, կիրքերէ եւ շահերէ:

Ինչո՞ւ համար կեղծիքը կ՚եղծանէ հայ բարքերը, որովհետեւ նիւթական շահերու կորուստը անդարմանելի կը նկատուի, եւ անոր սիրոյն կը զոհուին ամենէն նուիրական սկզբունքներ: Մարդիկ հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց առաքինութիւնները, պարզութեան եւ չափաւորութեան դատին պաշտպանութեան մասին:

Ինչո՞ւ համար Աստուած, դրախտ, երջանիկ կեանք, Քրիստոս, եկեղեցի կորսնցուցած կը համարուին իրենց նշանակութիւնները մեր մէջ ալ՝ ոմանց կողմէն, որովհետեւ այդ բոլորը կշտամբիչներն են մեր թերութիւններուն եւ կը յիշեցնեն մեզի՝ մեր անհնազանդութիւնները բնական եւ արդար օրէնքներու դէմ, մեր պատուիրանազանցութիւնները մեզի տրուած փորձ եւ կենսատու հրամաններու դէմ. կը զսպեն մեր անչափաւորութիւնը, կը դառնացնեն մեր բարքերը արդարութեան խստադատ պարտադրութիւններով, եւ պարզութեան կը մղեն մեզ: Բայց դժբախտաբար, մարդիկ ոլոր-մոլոր եւ քարքարուտ ճամբաները կը նախընտրեն շատ անգամ, իբրեւ կտրուկ եւ դիւրահասանելի միջոցներ, քան լայն, հարթ եւ մաքուր պողոտաներ» (54-56):

Արտաքսման կիրակին այսպէս կը նկարագրէ երանաշնորհ հայրապետը. «Մեծ պահքի այս երկրորդ կիրակին, կեանքի փիլիսոփայութեան կիրակին է: Աստուածաշնչական դրախտին յիշատակը, կորսուած երջանիկ կեանքի մը պատմութիւնը՝ ամէն օր կրկնուող երեւոյթներէն են մարդկային կենցաղին վրայ: Ինքնամփոփման եւ ինքնասրբագրութեան այս օրերուն սկիզբը՝ Հայ Եկեղեցին ուրեմն անիմաստ կարգադրութիւն մը չէ ըրած, հաւատացեալներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով կորսուած դրախտի պատմութեան վրայ: Վասնզի, կրնանք վստահ ըլլալ, գոնէ փիլիսոփայօրէն, որ անհատը ինքն է որ կը շինէ իր դրախտը եւ ինքն է որ կը կործանէ զայն։ Անզուսպ փափաքներ ու ըղձանքներ, չար նախանձը, արդարութեան դէմ անհնազանդութիւնը, եւ այլն, ամէն օր կը կործանեն անհատները, ընտանիքները, գործերը, ձեռնարկները, երկիրները, աշխարհները, Աստուծոյ հաւատքը, Քրիստոսը, որ ստեղծիչը եղաւ նոր դրախտի մը, երջանկութեան նոր գաղափարին՝ իր կեանքին լման արտայայտութեամբը»:

Անառակի կիրակին առնչելով հայ եկեղեցիին ու անոր զաւակներուն հետ, այսպէս կը գրէ. «Ո՛չ միայն կորուստ է անառակ որդիի մը հեռացումը հայրենի տունէն, ո՛չ միայն ստացուածքի եւ դրամի կորուստները վշտառիթ են, վասնզի կորուստ են, այլ նաեւ կորուստ է, կորուստներ են մեր ազգային եւ եկեղեցւոյ համար արհամարհումը մեր ազգի փորձառութիւններուն, ոտնահարումը ընտանեկան կեանքի անուշութիւններուն, սպառումը մեր երիտասարդական կորովներուն, թուլացումը մեր կրօնական զգացումներուն, անգիտակցութիւնը զղջումի եւ ապաշխարութեան պէտքին, որոնք նորոգիչ ազդակներ եւ ուժեր են ներքնապէս բթացած մեր հայ-քրիստոնեայի զգացումներուն:

Այո՛, այս բոլորը կորուստներ են եւ հարկ է փնտռել գտնել զանոնք:

Անառակ Որդիով առակուած կամ ակնարկուած դէմքեր, որոնք դժբախտաբար բազում են մեր մէջ, կ՚արժէ որ անդրադառնան իրենց գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան կարողութիւններուն մասին: Գորովագութ հայրը կամ հայրերը կատարած են իրենց պարտքերը:

Անհրաժեշտ են զղջում, ապաշաւ, վերադարձ, կազդուրում, փորձուած եւ քննուած կեանք մը հայ անհատներուն համար, ընկերութեան մէջ, ազգին մէջ, եկեղեցւոյ մէջ» (77-78):

Տնտեսի կիրակիին մասին, կը գրէ. «“Տո՛ւր զհամար տնտեսութեան քո” ուղղուած է եւ կ՚ուղղուի ամէն առիթով մեզմէ իւրաքանչիւրին: Տո՛ւր ներքին կեանքիդ հաշիւը, տո՛ւր ընտանեկան կեանքիդ հաշիւը, տո՛ւր ընկերային կեանքիդ հաշիւը, տո՛ւր ազգային գործերուդ հաշիւը, տո՛ւր քաղաքական կեանքիդ հաշիւը, տո՛ւր պաշտօններուդ հաշիւը, խօսքերուդ հաշիւը, շահերուդ, վնասներուդ հաշիւը, տո՛ւր հաշիւը կրօնական պարտականութիւններուդ, տո՛ւր եւ ժամանակ մի՛ կորսնցներ, որովհետեւ ալ չես կրնար“լինել տնտես”» (83-84):

Գալստեան կիրակիի պատգամը եզրափակելով, Բաբգէն Կաթողիկոս կը թելադրէ, որ այս մտածումները մնան մեր միտքերուն մէջ. «Գալստեան կիրակին, սիրելի՛ «ամերիկահայ» [եւ սիրելի՛ հայորդի], մեզի շատ բաներ յիշեցուց: Եթէ ուզէիր այս բոլոր բաներէն ամփոփում մը պահել միտքիդ մէջ, արդեօք օգտակար չէ՞ր ըլլաս սա՛ ձեւով բան մը.

-“Պիտի ուզէ, մա՛նաւանդ պիտի աշխատէի, որ քրիստոսեան կեանքը, եթէ կարելի է, ըլլար իմ կեանքս: Անոր տեւական արտայայտութիւնը, հրաշափառ եւ մշտնջենաւոր ԳԱԼՈՒՍՏ մը պիտի ըլլար քրիստոնեաներուն մէջ, եւ մեր պատասխանատուութիւններուն արժէքը պիտի փոխարինուէր բարի-բարի վարձքերով: Սքանչելի՜ հատուցում”» (142-143):

Կիւլէսէրեան Հայրապետը պատասախանատուութեան գիտակցութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Սիրելի՛ հայորդի, մենք դժբախտ ազգի մը զաւականերն ենք, եւ յաճախ մենք ենք որ այսպէս կամ այնպէս պատճառ կ՚ըլլանք բարձրացնելու մեր ազգային դժբախտութեան ջերմաչափը: Եւ մենք սովոր ենք ամենեւին չընդունիլ որեւէ չափով պատասխանատուութիւն, այլ կը փնտռենք զայն ուրիշներուն մէջ, իսկ պատասխանատուութիւնը շատ ծանր է, շատ անհաճելի բան մը. ո՞վ կը յանդգնի ստանձնել զայն: Այս պատճառով սխալներ, չարիքներ կը գործուին, պատասխանատուութիւնը կը մնայ առկախ, եւ մենք առանց ճանչնալու զայն, կը շարունակենք մեր գիտցածը, եւ կը դնենք մեղքը մեղքի վրայ, բոլորս ալ իրարու աչքին մեղաւոր ենք, պատասխանատու ենք, բայց մենք անձնապէս, առանձնապէս մեր աչքին առջեւ անմեղ ենք ու անպատախանատու եւ մեր խիղճերը շա՜տ հանդարտ են…» (84): Եւ՝ «չարիքը, որ գոյութիւն ունի, չարիքը որմէ կը տառապի աշխարհը, մարդկութիւնը՝ բնական պատուհաս մը չէ՛ երկրաշարժի եւ ջրհեղեղի նման, այլ ուղղակի արդիւնքը ուրացման այն պատասխանատուութեան, զոր մարդիկ ունին կեանքի շրջանին մէջ իրենց բոլոր գործունէութեան մասին: Անհատներ, մարդիկ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներ, ազդեցութիւններ՝ առհասարակ օժտուած, տոգորուած են տկարութեամբ մը, որ կը կայանայ ձախողուածներու եւ վնասուածներու պատասխանատուութիւնը ուրիշներու վերագրելու մէջ: Հարկ է բուժել այս տկարութիւնը: Երբ մեծ բազմութեան մը առջեւ խօսուի, զոր օրինակ, անմիաբանութեան չարիքներուն մասին, վստահ եղէք, որ ունկնդիրներու մէջ հարիւրէն տասը հոգի չէք գտներ, որ իր վրայ առնէ բաժին մը. բոլորն ալ կը կարծեն որ իրենց չ՚ուղղուիր խօսքը, անմիաբանները իրենք չեն, հոն չեն, այլ դուրսն են անոնք, ուրիշներ են» (92):

Շատեր իրենց աղօթքին պատասխան չստանալով՝ ինչը ժխտական փորձառութիւն կը համարուի աղօթական կեանքի մէջ, կը սկսին մտածել կամ պնդել, թէ աղօթքը զօրութիւն չունի եւ ոչինչով կ՚օգնէ մարդուն: Բաբգէն Կաթողիկոս այս երեւոյթը մատնանշելով, այնքա՜ն գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ այս մօտեցումին թերութիւնը եւ վեր կը հանէ աղօթքին կարեւորութիւնն ու դրական ազդեցութիւնը: Հայրապետը կը գրէ. «Եթէ իրակա՛ն է աղօթքին անզօրութիւնը, իբրեւ արդիւնք ժխտական փորձառութեան, կը հետեւի թէ սուտ է Սուրբ Աւետարանը, որ կ՚ուսուցանէ մեզի աղօթել: Դարձեալ՝ կը հետեւի, թէ այն բոլոր աղօթողները, նոյնինքն մեր Փրկիչէն սկսեալ մինչեւ ամենէն յետին բարի հաւատացեալը, որոնք դրական արդիւնք ձեռք բերին եւ կը բերեն մինչեւ հիմա, կամ ինքնախաբներ են, կամ խօթամիտներ, եւ կամ, հակառակ են, խելքը գլուխը մարդիկ, որ գիտեն, թէ ի՛նչ կ՚ընեն: Եւ հետեւաբար ո՛չ Սուրբ Աւետարանը սուտ է, ոչ ալ աղօթողներ ինքնախաբ են կամ խօթամիտ» (98): Աւելին, հայրապետը կտրականապէս կը թելադրէ, որ եթէ մեր աղօթքը պայմանաւորուած է կամ վնասակար է ուրիշին, ընդհանրապէս չաղօթել. «Եթէ միայն աղօթես՝ երբ պէտք մը ունիս, երբ նեղն ես մնացած, երբ բան մը ունիս փրցնելիք, երբ քու ուժէդ վեր է ուզածդ, երբ անբնական է, երբ վնասակար է ուրիշին, նոյնպէս քեզի, եւ այլն, եւ այլն, մի՛ աղօթեր. վասնզի զո՜ւր է աղօթելդ: Աստուած քու այդպիսի աղօթքներու սիրոյն, որչա՛փ ալ ջերմեռանդն ըլլան ատոնք, որչա՛փ ալ ուժաւորուած ըլլան ճնշումներով ու զրկանքներով, անբնական բաներ չ՚ըներ, հրաշքներ չի գործեր, որ հաւատաս աղօթքի ոչ-ժխտական արդիւնքներուն: Ատանկ բան չկայ, սիրելի՛ բարեկամս» (100-101): Անդին, Բաբգէն Կաթողիկոսը կը բացատրէ նաեւ, թէ մարդ ինչպէս պէտք է աղօթէ, կը յստակացնէ, թէ աղօթքէ խօսակցութիւն է՝ մտերիմ խօսակցութիւն Աստուծոյ հետ. «Անոնք որոնք կ՚աղօթեն տարտամ կերպով եւ սխալ սկզբունքներով, որչափ ալ յարատեւ ըլլայ իրենց աղօթքը, անզօր ու ապարդիւն կը մնայ:

Աղօթքը պիտի ըլլայ բնական, ուղղակի աղօթողի ներքին կեանքին արտայայտութիւնը: Աղօթքը՝ ինչպէս ըսի յառաջագոյն ալ, հայրորդիական, ներքին յարաբերութիւն մը, հաղորդակցութիւն մըն է ամենակարողին հետ, որ կախում չունի որեւէ նիւթական շահէ:

Տէրուանակ աղօթքը՝ «Հայր մերը» լա՛ւ ուսումնասիրէ: Պիտի տեսնես, որ աղօթքը կը նմանի մտերմական խօսակցութեան մը: Կարդա՛ հայոց աննման Նարեկը եւ պիտի տեսնես, թէ հոգեկիր հսկողը ինչպէ՜ս կը խօսի Աստուծոյ հետ իր սիրտի խորերէն, հոգեկան ներքին մրմունջներու հիւսուած մըն է, որ կ՚ուղղուի Աստուծոյ: Անձը, ընկերը, աշխարհը, երկինքը, երկիրը, բովանդակ բնութեան ներդաշնակութիւնը, հեռուներէն, մօտերէն կը զբաղեցնէ աղօթողը» (105): Հայրապետը կու տայ նաեւ իր անձնական տեսակէտը աղօթքի մասին՝ գրելով. «Ինծի համար աղօթքը գեղեցկագիտական տեսակէտէ մըն ալ կարեւոր է, որուն մշակումը ջերմապէս կը յանձնարարեմ քեզի, սիրելի՛ «ամերիկահայ» [եւ սիրելի՛ հայորդի]: Աղօթել՝ կը նշանակէ ինքնամփոփուիլ, ինքնասրբագրուիլ: Աղօթելու համար հարկ է, որ միտքը հանդարտ ըլլայ, կիրքերը խաղաղացած ըլլան: Աստուծոյ հետ խօսելու պահուն՝ պէտք է պատկառանք: Աշխարհի ալ օրէնքներէն է, որ երբ մեծի մը հետ խօսիս, երբ լուրջ գործի մը գլուխն ես, երբ «ինքզինքդ պիտի ցոյց տաս», կ՚ամփոփուիս, «կը շտկես» ինքզինքդ, որպէսզի յաջողիս: Ամենեւին տարբեր չէ՛ վարմունքը աղօթքի պահուն: Ասիկա, խոստովանէ՛, որ ինքնակրթութեան, ինքնամփոփման մարզանք մըն է, որ կը պահանջէ բաւական աշխատութիւն եւ ուշադրութիւն: Եւ ո՛վ որ լրջօրէն կ՚աշխատի եւ ուշադիր է, կրնայ վստահ ըլլալ իր յաջողութեան» (116):

Երջանկայիշատակ հայրապետը մէկ հատուածի մէջ այնքա՜ն գեղեցիկ եւ հետաքրքրական զուգահետ մը կը տանի քրիստոնէութեան եւ Քրիստոսի, հատուցումի եւ պատասխանատուութեան մասին, ուր կը գրէ. «Եւ եթէ դուն պահ մը մէկդի ձգես քու գիտութիւններդ, յաւակնութիւններդ, տգիտութիւններդ եւ միայն հասկնաս, որ քրիստոնէութիւնը կենդանի կեանք մըն է եւ այդ կեանքը ո՛չ միայն ժամանակին յայտնուած է Յիսուս Քրիստոսով, այլ նաեւ, թէ Յիսուս Քրիստոս կենդանի՛ է իր գործին ու Աւետարանին մէջ, կ՚ապրի այդ կերպով, թէ իբրեւ հեղինակը Երկինքի Թագաւորութեան, կ՚ազդէ անոր ժառանգորդներուն վրայ, ես կը հաւատամ, որ պիտի զգաս անոր բարոյական հեղինակութիւնը. եւ եթէ չես զգար՝ կը պատժուիս անզգացողութեամբդ: Ամէն վայրկեան հատուցումը դիմացդ է: Եթէ վազես՝ առջեւդ է, եթէ խուսափիս՝ ետեւդ է. եթէ ուրանալ ուզես՝ կը զբաղեցնէ միտքդ. եթէ անտարբեր ես՝ կը խթանէ քեզ. ուզես թէ ոչ՝ քրիստոնեայ ես, պատասխանատուութիւններ ունիս, հետեւաբար հատուցումներու պիտի արժանանաս» (135-136):

Մարդկային մարմինը մեքենայի մը նմանցնելով՝ հայրապետը կը գրէ. «Մարդկային մարմինը հրաշալի մեքենայ մըն է, ամենէն զօրաւոր եւ ամենէն արդիւնաւոր մեքենայ մը: Մարդիկ չեն գիտեր անոր յարգն ու արժէքը: Իրենց ամէնօրեայ կեանքն է, կարծես, աշխատիլ թէ որչա՛փ շուտ կրնան աւրել, խանգարել այդ մեքենան, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ նետելով իրենք զիրենք վտանգներու եւ փորձութեանց մէջ:

Եւ կեանքը, որ այդ հրաշալի մեքենային անվթար գործունէութեան շնորհիւ պիտի ըլլայ երջանիկ, կրնայ մէկ ակնթարթի մէջ վտանգուիլ, ապականիլ, ոչնչանալ» (63):

Երիտասարդութեան մասին յաճախ կը խօսուի, յաճախ կը շեշտուի երիտասարդներուն անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը ընկերութիւններու կեանքին բոլոր ոլորտներուն մէջ. ցաւօք, սակայն, շատ յաճախ այդ բոլոր խօսքի սահմանէն անդին չե՛ն անցնիր: Մանաւանդ մեր՝ հայ իրականութենէն ներս, այնքա՜ն շռանդալից են երիտասարդութեան մասին մեր տուած գովեստները, այնքա՜ն տպաւորիչ են մեր՝ երիտասարդութեան նկատմամբ ունեցած «վստահութիւնը», որ երբ ակնարկ մը նետենք մեր միութիւններուն, թաղային խորհուրդներուն, վարչութիւններուն, յանձնախումբերուն, ապա հարիւր ժողովականի մէջ հինգ երիտասարդ եթէ գտնենք, ապա կը նշանակէ, թէ բարելաւում եւ յառաջընթաց արձանագրած ենք: Երջանկայիշատակ Բաբգէն Կաթողիկոս վեր կը հանէ երիտասարդութեան արժանիքը զայն նկատելով այն ուժը, որով կարելի է աշխարհին տիրել. «Երիտասարդութիւնը մարդկութեան կենսագործող ուժն է: Աշխարհին տիրելու, աշխարհը վայելելու իրաւունքը երիտասարդինն է: Իբրեւ կեանքի աղբիւր, իբրեւ եռանդուն արիւն, իբրեւ գեղեցկութիւն, իբրեւ ներկայ եւ ապագայ, անոր կենցաղը, միտումները, աշխուժութիւնը, հիւանդութիւնը, ներկայութիւնը, բացակայութիւնը, ամէն մէկ շարժումը, խօսքը, դրածն ու վերցուցածը արժէք մը ունին, կշիռ մը կը ներկայացնեն անոր, այդ երիտասարդին, անհատականութեան մէջ, ընտանիքին մէջ, ընկերութեան մէջ, մարդկութեան մէջ» (58):

***

Տակաւին կարելի է բազմաթիւ մէջբերումներ կատարել այդ փոքրիկ գրքոյկէն, որ այնքա՜ն հարուստ բովանդակութիւն եւ հոգեւոր սնունդ կը պարունակէ իր մէջ, յատկապէս Մեծ պահոց այս շրջանին, երբ ամենէն աւելի մարդու հոգին ենթակայ է փորձութիւններու եւ զանազան յարձակումներու: Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կողքին այս գրքոյկին եւ նմանատիպ գրքոյկներու եւ գիրքերու ընթերցանութիւնը բալասան ու դարման են մեր հոգիներուն համար:

Աւարտելով, վարձքը կատար ըսենք Հոգշ. հայր Աւետիքին, որ նման լաւ գաղափար մը յղացած ու իրականութեան վերածած է զայն, հայ հաւատացեալին ձեռքերուն մէջ նման հոգեպարար գրքոյկ մը դնելով: Եւ բի՜ւր յարգանք եւ խոնարհում երանաշնորհ Բաբգէն Աթոռակից Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսին, անոր վաստակին ու թողած ժառանգութեան, որ տակաւին երկա՜ր տարիներ պիտի շարունակեն կրթել ու դաստիարակել սերունդներ, անոնց ջամբելով հոգեւոր սնունդ եւ մխիթարութիւն: Խունկ եւ աղօթք բանիբուն եւ բանիմաց հայրապետի յիշատակին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ​

Վաղարշապատ

 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2026