ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ կատարուած գոհաբանական աղօթքը ձօնուած էր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակման 35-ամեակի յոբելեանին։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ ծնրադիր աղօթք բարձրացուած առ Աստուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան, խաղաղ ու անվտանգ կեանքին համար։

Հանրապետական մաղթանքէն վերջ, Նորին Սրբութիւնը այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ շրջապատուած բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ։ Անոնք յարգանքի տուրք մատուցին հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անկախութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերած հայորդիներու յիշատակին։ Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, «Եռաբլուր»ի մէջ կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2026