ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ

Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցան սուրբ պատարագներ, որոնց մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ հաւատացեալներ: 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտի տօնին առթիւ, շաբաթ առաւօտ, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան մատոյց Ս. Պատարագ: Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը: Ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս աւ. քահանայ Գույումճեան, Տ. Գէրոգ աւ. քահանայ Չնարեան, Տ. Կորիւն աւ. քահանայ Ֆէնէրճեան եւ Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան: Արարողութեան մասնակից հաւատացեալները Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքներու աջով ստացան օրհնութիւն: 

Իսկ երէկ, նոյնպէս հայր սուրբի հանդիսապետութեամբ կիրակնօրեան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն սարկաւագ Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի: Ս. Պատարագի ընթացքին քարոզ մը խօսեցաւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան: 

Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուեցաւ մտերմիկ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին նշուեցաւ հայրերու օրը: 

Ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը շաբաթավերջի երկու սուրբ պատարագներու ընթացքին ալ ջերմօրէն շրջապատեց հոգեւորականաց դասու անդամները եւ հաւատացեալները:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026