«Ո՞ՒՐ ԷԻՐ ԴՈՒՆ, ԵՐԲ ԵՍ ԵՐԿՐԻ ՀԻՄՔԵՐԸ ԿԸ ՆԵՏԷԻ»

Մարդիկ գիտութեան վարկածներէն մեկնելով, շատ յաճախ կը պնդեն, թէ աշխարհը ո՛չ թէ Աստուած ստեղծած է, այլ՝ պայթումի մը հետեւանքով գոյացած է եւ նման անհիմն փաստարկներ յառաջ կը բերեն: Նման մտածելակերպ ունեցող մարդոց համար կարծէք գրուած են Յոբի գիրքի 38-39 գլուխները, ուրկէ հատուածներ կը ներկայացնենք այստեղ, խնդրելով մեր ընթերցողներէն, որ անպայման բանան ու կարդան այդ երկու գլուխները: Այսպէս, Տէրը խօսելով Յոբին հետ, կ՚ըսէ.

* Այդ ո՞վ է, որ իր խորհուրդները Ինձմէ կը պահէ, խօսքերը իր սիրտին մէջ հաւաքելով՝ կը կարծէ, թէ Ինձմէ կը պահէ ատոնք: Տղամարդու նման պնդացո՛ւր մէջքդ. հարցումներ պիտի տամ քեզի ու պատասխա՛ն տուր Ինծի:

Ո՞ւր էիր դուն, երբ Ես երկրի հիմքերը կը նետէի: Ըսէ՛ Ինծի, եթէ խելամիտ ու իմաստուն ես: Ո՞վ սահմանած է ատոր չափը, եթէ գիտես, կամ ո՞վ լար նետած է ատոր վրայ: Ինչի՞ վրայ հաստատուած է ատոր օղակը, ո՞վ դրած է ատոր անկիւնաքարը: 

Երբ աստղերը ցիրուցան եղան, աստղերու բոլոր հրեշտակները միաձայն օրհնեցին զիս, Իմ բոլոր հրեշտակներս ալ գովեցին:

Ծովը դարպասներով գոցեցի, երբ այն իր մօր որովայնէն ծնաւ եւ դուրս եկաւ: Մէգը անոր համար իբրեւ հանդերձ սահմանեցի, մառախուղը՝ իբրեւ խանձարուր: Սահմաններ դրի անոր համար՝ փականքներ ու դարպասներ…:

…Ո՞վ պատրաստած է սաստիկ անձրեւներու հոսանքները եւ ամպրոպներուն ճամբանները, որ երկրի վրայ տեղան, ուր անմադաբնակ անապատին մէջ ոչ ոք կայ, որ յագեցնէ անկոխ եւ անշէն հողը, այնտեղ բխեցնէ դալար բոյսը: Ո՞վ է անձրեւի հայրը եւ ո՞վ է, որ ծնունդ տուած է ցօղի շաղերուն:

«…Քու խելքէ՞դ է, որ բազէն թեւերը տարածելով կանգնած կը մնայ օդին մէջ՝ անշարժ դիտելով հարաւի կողմը, կամ քու հրամանո՞վ արծիւը կը բարձրանայ, իսկ անգղն ալ քարայրներուն ու ծածուկ տեղերուն մէջ կը նստի, կը հանգստանայ իր բոյնին վրայ, այնտեղ կը մնայ ու կեր կը փնտռէ: Անոր աչքերը հեռուէն կը դիտեն, իսկ անոր ձագերը զոհի արեան մէջ թաթախուած են: Ուր որ դիակ գտնեն՝ անմիջապէս այնտեղ կը յայտնուին»:

Եւ Տէր Աստուած խօսեցաւ Յոբին ու ըսաւ. «Միթէ մէկը պիտի կարենա՞յ իմ դատաստանս ծռել, պիտի յանդիմանէ՞ զԱստուած ու Անոր առջեւ պատասխան պիտի տա՞յ»:

Յոբը դարձեալ խօսեցաւ եւ Տիրոջ ըսաւ. «Այլեւս ինչո՞ւ դատեմ դեռ, կշտամբեմ ու յանդիմանեմ: Ես Տիրոջմէ կը լսեմ այդ բաները: Ոչնչութիւն եմ, ի՞նչ պատասխան պիտի տամ ես այդ մասին. միայն պիտի պապանձիմ: Բերանս մէկ անգամ բացի արդէն, այլեւս երկրորդ անգամ բան չեմ աւելցներ» (Յոբ 38.2-10, 25-28: 39.26-35):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

9 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026