ՏԽՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝

ԱՆԱՅԻՍ ԵԱԼՏԸԶՃԵԱՆ

Սա իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն է՝ որքան որ ալ ան յառաջացած տարիքի մէջ հրաժեշտ առած ըլլայ երկրաւոր կեանքէն։ Անայիս Եալտըզճեան ո՛չ միայն իր սերունդի տիրական դէմքերէն մին էր, այլ նաեւ ունէր առանձնայատկութիւն մը՝ քանի անմահ բանաստեղծ Զահրատի կողակիցն էր։ Անայիս Եալտըզճեան այնպիսի կեանք մը ապրած էր, որ Զահրատի կողակիցը ըլլալու հանգամանքը իսկապէս իր տեսակէտէ առանձնայատկութիւն մըն էր։ Մեծանուն բանաստեղծին հետ հասարակական կեանքէ ներս զբաղեցուցած դիրքը այնպէս մը իւրացուցած էր, որ Զահրատի կողակիցը ըլլալու հանգամանքը իր իսկ տեսակէտէ այնքան մարսուած առանձնաշնորհում մըն էր, որով ունեցած հպարտութիւնն ալ չէր թաքցուցած երբեք։ 

Անայիս Եալտըզճեանի կորուստով թրքահայ կեանքի երկնակամարէն կը սահի աստղը այնպիսի կերպարի մը, որ կը մարմնաւորէր հայկական տոհմիկ արժէքներու պաշտպանի, անոնց համար պայքարողի դիմագիծը։

Այս տխուր կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իրեն, խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր բարեկամական շրջանակին։

Ուրբաթ, Մայիս 9, 2025