ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼԻ ԿԻՐԱԿՆԱՄՈՒՏԸ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Նորոգ հանգուցեալ ազգային երախտաշատ բարերար, համայնքային փորձառու վարիչ եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կորուստով պայմանաւորուած տխրութիւնը շաբաթավերջին ալ զգալի էր թրքահայ կեանքէն ներս։ Շաբաթ յետմիջօրէին, հոգելոյս Տիգրան Կիւլմէզկիլի կիրակնամուտը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի։ Հանգուցեալի հարազատներուն եւ ընտանեկան անդամներուն միացած էր հոծ բազմութիւն մը եւ բերնէ բերան լեցուն ընդարձակ սրահին մէջ բոլորը հերթական անգամ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Տիգրան Կիւլմէզկիլի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։
Կիրակնամուտի արարողութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի բոլորը վերյիշէ Տիգրան Կիւլմէզկիլի ազնիւ կերպարը, խոնարհի անոր անթառամ յիշատակին առջեւ եւ մանաւանդ՝ չթերանայ անոր նկատմամբ վերջին յարգանքի դրսեւորման եւ երախտագիտութեան մէջ։