ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի քաղաքապետարանի առընթեր «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը։ Այսպէս, «Պէրպէրեան» թատերախումբը ներկայացուց «Ha Kurtuluş, Ha Kınalı» խաղը։ Շուրջ քսանհինգ տարի առաջ, նոյն թատերախումբին կողմէ բեմադրուած «Kınalı Ah Kınalı» խաղի արդիականացած տարբերակն է այս մէկը։ Յամենայնդէպս, ամէն ինչ այնքան վարպետօրէն նախատեսուած է, որ կրկնութեան մը կամ միապաղաղութեան մը տպաւորութիւնը երբեք չի ստեղծուիր։ Ներկայ խաղի դերասանները, ըստ էութեան, քսանհինգ տարի առաջուան ներկայացումներու շարքի հերոսներն են։ Թատերախումբի անդամները համալրուած են նաեւ երիտասարդ ուժերով։

Քառորդ դարու վրայ տարածուած այս երկու ծրագիրներու կապող օղակը եղած է մեր թատերական աշխարհի անկրկնելի հսկաներէն Պօղոս Չալկըճըօղլու։ Այս վերջինը երկար տասնամեակներ եղած է լծակիցը անմոռանալի վարպետ Արթօ Պէրպէրեանի, որ քսանհինգ տարի առաջուան խաղն ալ մտայղացած էր։ Ներկայիս Պօղոս Չալկըճըօղլու այդ փորձառութիւնը առանց մսխելու՝ հասած է յարափոփոխ ժամանակներու միջեւ շատ յաջող համադրութեան մը։ Երկու արարներէ բաղկացեալ այս խաղը թէեւ, ըստ էութեան, զաւեշտ մըն է, սակայն, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի համայնապատկերը այնքան խորութեամբ կը մերկացնէ, որ երբեմն յուզումնախառն ապրումներու ծնունդ կու տայ։

Այս ներկայացումներու շարքը Պօղոս Չալկըճըօղլուի գեղարուեստական կեանքի ամենահասուն շրջանի պտուղն է։ Ողջունելի, ծափահարելի արդիւնք մը ապահովուած է՝ շնորհիւ իր փորձառութեան եւ համախմբման կարողութիւններուն։ Աւելի՛ն, այժմ պոլսահայ թատերական կեանքը իսկապէս շատ գունատած է, իսկ Չալկըճըօղլուի ջանքերով կեանքի կոչուած այս նախաձեռնութիւնը միանշանակօրէն յոյս կը ներշնչէ նոր կենսունակութեան մը համար։

Պօղոս Չալկըճըօղլուի առընթեր, անպայման պէտք է առանձնապէս անդրադառնալ նաեւ դերասանուհի Սէրտա Արսլանին, որ բեմարուեստի կարողութիւնները բազմապատկած է այս փուլին։ Սէրտա Արսլանի մասին առանձին փակագիծ մը բանալը, միանշանակ, անարդարութիւն կամ անիրաւութիւն պիտի չըլլայ միւս դերասաններուն, թատերախումբի անդամներուն դէմ։ Սէրտա Արսլան ո՛չ միայն բեմին վրայ եղած է խաղի հերոսներէն մին, այլեւ, ընդհանրապէս այս թատերախումբի շաղաղը, նախաձեռնութեան ողնայարը։ Թէ՛ իր լրջութեամբ եւ թէ իր եռանդով Սէրտա Արսլեան թատերախումբի ջահակիրն է, Պօղոս Չալկըճըօղլուի փորձառութեան ու տեսլականին շուրջ արդիւնքի հասնելու ճանապարհին իսկական ուղեցոյց մը։

Երէկուան կալան պատուեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ հոգեւոր հայրեր, Շիշլիի գաւառապետ Ճեւտեթ Էրթիւրքմէն, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր եւ բազմաթիւ թատերասէրներ։ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրութեան 240-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքին կեանքի կը կոչուի այս թատերական նախաձեռնութիւնը։ Երեկոյթի ընթացքին դպրոցի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, իսկ հուսկ բանքի ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց թատերախումբը՝ հերթական անգամ շեշտը դնելով լեզուի պահպանութեան անհրաժեշտութեան վրայ։ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա եւ Նորին Ամենապատուութիւնը եզրափակիչ փուլին յուշանուէր մը յանձնեցին Պօղոս Չալկըճըօղլուին։

Երեկոյթի աւարտին հնչած ծափահարութիւններու տարափը, անշուշտ, բաւարար չէր հատուցելու համար դերասաններու մեծ վաստակը, սակայն, անոնք ուրախ էին հերթական անգամ նման մեծ համակրանքի մը առարկայ դարձած ըլլալու համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2026