ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎՐԺ.Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները։ Այսպէս, դպրոցի քսանչորս սաներէն բաղկացեալ խումբին ներկայութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց մեր աշխատանքային յարկին ներքեւ։ Տղոց ընկերացաւ իրենց հայերէնի ուսուցչուհին՝ Ժանէթ Զէյֆիեան։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ աշակերտները տեղեկութիւններ քաղեցին թերթիս պատմութեան, գործունէութեան եւ առաքելութեան շուրջ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան պատասխանեց աշակերտներու զանազան հարցումներուն՝ շեշտելով, որ անոնք կը համարուին մեր ապագայ ընթերցողները։
Այս բոլորին առընթեր, Եշիլգիւղի վարժարանի աշակերտները այցելութեան ընթացքին ջերմօրէն շնորհաւորեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանը, որ այս շրջանին կը նշէ իր ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեանները։ Տղոց ջերմ վերաբերմունքը եւ անմիջականութիւնը խոր տպաւորութիւն գործեց Նատիա Գօչունեանին վրայ։ Անոնք Նատիա Գօչունեանին համար բերած էին նաեւ յիշատակ մը, զոր յանձնեցին շնորհաւորագրով մը։
Այս հաճելի այցելութիւնը աւարտին հասաւ նկարահանմամբ։