ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԲՆՈՅԹ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ Ասիզիի մէջ, Իտալիա, Սուրբ Էճիտիօ կաթողիկէ միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած համաքրիստոնէական հաւաքի ընթացքին։ Այս հաւաքը կազմակերպուած է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի հովանաւորութեան ներքեւ։ Սուրբ Էճիտիօ միաբանութիւնը համաշխարհային աշխարհատարած ցանց մըն է, որ աշխարհականներէ բաղկացեալ համայնքի մը բնոյթը ունի։
Խաղաղութեան միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս, երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ բանախօսութիւնով մը, որու նիւթն էր՝ «Քրիստոնեաներու միութիւնը՝ բաց հարց մը»։
Այս վերնագրին ներքեւ Նորին Ամենապատուութիւնը մատնանշեց աշխարհի վրայ առկայ միութեան զանազան կերպարները եւ անդրադարձաւ քրիստոնէական միութեան իւրայատուկ բնոյթին։ Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նշեց, որ այդ միութիւնը չի կրնար հիմնուիլ սոսկ հասարակաց շահերու կամ հասարակաց սպառնալիքի մը վրայ։ «Քրիստոնէական միութիւնը, ի վերջոյ, չի կրնար ոեւէ մէկուն դէմ ուղղուած ըլլալ։ Ան պէտք է ըլլայ միութիւն մը՝ ի Քրիստոս», համոզուած է Նորին Ամենապատուութիւնը։ Այս հիման վրայ ան ընդգծեց Քրիստոսի առանցքային տեղը՝ համաքրիստոնէական միութեան որոնումներուն մէջ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր բանախօսութեամբ հանդէս եկած նիստը տեղի ունեցաւ Սանթա Մարիա Տելի Անճելի տաճարի Փորցիունքոլայի համալիրէն ներս, «Ռեֆեթթորիեթթօ» սրահի երդիքին տակ։ Զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները համախմբեց սոյն հաւաքոյթը, որու ընթացքին խոշորացոյցի տակ առնուեցան համաշխարհային խաղաղութեան առկայ խնդիրները։ Նիստի բուն օրակարգը կը վերաբերէր քրիստոնեաներու միութեան որոնման եւ այդ ճանապարհին զիրար լսելու կարեւորութեան։ Այս զգայնութիւններուն հետամուտ՝ նոյն սեղանին շուրջ համախմբուած էին զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, իսկ նիստավարն էր Ֆոճճայի Ճորճիօ Ֆերրեթթի կաթողիկէ արքեպիսկոպոսը։ Նոյն նիստի ընթացքին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր խօսք առին նաեւ յունաց պատրիարքարանէն Քաղկեդոնի Էմմանիւէլ մետրապոլիտը, ինչպէս նաեւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու, Եւրոպայի այլ ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Ատենախօսներու շարքին էր նաեւ Վատիկանի քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդէն Ֆլաւիօ Փաչէ արքեպիսկոպոսը։
Նորին Ամենապատուութիւնը հաւաքի մասնակից քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն, այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն եւ հասարակական գործիչներուն հետ ունեցաւ ջերմ զրոյցներ։ Հաւաքի հիւրընկալ Սուրբ Էճիտիօ միաբանութեան պատասխանատուներն ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին Նորին Ամենապատուութեան նկատմամբ՝ բարձր գնահատելով անոր ներկայութեան նշանակութիւնը։
Համաժողովի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Տ. Տրդատ աւ. քհնյ. Ուզունեան։ Ան իր աթոռը պիտի վերադառնայ վաղը երեկոյեան։