ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱՐՆԵՐԸ

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը արդէն աւարտած է ներկայ տարուայ պարենային օգնութիւններու հինգերորդ փուլը։ Յանձնախումբի համակարգմամբ, թաղերու աղքատախնամ մարմիններու եւ կամաւորներու համատեղ աշխատանքով՝ աւելի քան 800 կարիքաւոր ընտանիքի բաժնուեցաւ սննդական օգնութիւն։ Ծրարները պատրաստուած էին բարերարներու աջակցութեամբ։

Մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած էր կարեւոր ժողով մը՝ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գործունէութեան շուրջ։ Այդ փուլին բարձրաձայնուած էր, որ համայնքէն ներս աղքատութիւնը կը ծաւալի անհամեմատ կերպով։ Թրքահայ բազում ընտանիքներ հետզհետէ կը դժուարանան տարրական, առաջին անհրաժեշտութեան կարիքները դիմագրաւելու։ Ժողովէն վերջ կատարուած հրապարակումները խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած էին՝ նկատի ունենալով, որ այս խնդիրը աստիճանաբար հրատապ կրնայ դառնալ համայնքէն ներս եւ համապատասխան հաւանական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ճանապարհին կրնան ծագիլ անբաւարարութիւններ։

Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը (PSYK) կը գործէ՝ Հերման Գավաֆեանի ատենապետութեամբ։ Անցեալ ամիս Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած ժողովին շեշտուած էր, որ PSYK-էն օժանդակութիւն ստացած ընտանիքներու թիւը 660-էն հասած է աւելի քան 800-ի։ Համատարած նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով նուիրատուութիւններու մակարդակը զգալի անկում կրած է, նուիրատուներու թիւն ալ նուազած է։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այդ ժողովին ժամանակ շեշտեց, որ համավարակի շրջանին յառաջացած կարիքներուն փոխարէն PSYK սկսած է իր գործունէութիւնը եւ առաջին օրէն իսկ սերտ համագործակցութիւն ծաւալած է եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններուն հետ։ Ան ընդգծեց, որ PSYK այլընտրանքային կառոյց մը չէ, այլ՝ այդ մարմիններուն միջեւ համակարգման օղակ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ բառերու ճշգրիտ կիրառման կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Մենք կը պայքարինք դժուարութեան դէմ, կը պատերազմինք թշուառութեան եւ աղքատութեան դէմ։ Աղքա՛տ բառը պարտաւոր ենք օգտագործել․ վերադարձած ենք այդ ժամանակաշրջանին»։ Ան այսպէսով մատնանշեց ներկայ ընկերային իրականութեան լրջութիւնը։

Նոյն ժողովին Հերման Գավաֆեանն ալ դիտել տուաւ, որ վերջին ամիսներուն զգալիօրէն աճած է թիւը այն ընտանիքներուն, որոնց եկամուտը կը գտնուի սովի սահմանին։ Դիմումներուն մեծամասնութիւնը կը վերաբերի սննդական օգնութեան, սակայն, զգալի աճ արձանագրուած է նաեւ բնակարանային, կրթական եւ առողջապահական պահանջներով։ Ան յատկապէս շեշտեց յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու եւ ընդհանրապէս խնամքի կարօտներու օժանդակութեան պահանջները։ Ըստ ատենապետին՝ բարձրացած է նաեւ հոգեբանական աջակցութեան կարիքը եւ բնակարաններու բարձր վարձքերու հետեւանքով՝ բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած են տեղափոխուիլ աւելի հեռու թաղամասեր։

Ժողովականները առանձնայատուկ ուշադրութիւն հրաւիրեցին բնակարանային հարցերու, անգործութեան եւ կրթութեան աջակցութեան վրայ։ Անոնք նկատի առին, որ բազմաթիւ թաղամասերու մէջ ցած եկամուտով ընտանիքներու բնակարանները կը գտնուին անմխիթար վիճակի մէջ, իսկ նորոգման համար միջոց չկայ։ Երիտասարդներու միջեւ անգործութիւնը կ՚աճի, իսկ ուսանողներու պարագային համացանցի, կրթաթոշակներու եւ գրենական պիտոյքներու աջակցութեան հարցերը առաւել կ՚ընդգծուին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025