ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Ս. Խաչ դպրեվանքի սաներէն Ըլկըն Ազրա Տինտար վերջերս մասնակցեցաւ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մը։ Էրէնգիւղի «Ըշըք» լիսէին կողմէ կազմակերպուած այս մրցոյթին մասնակցեցան բազմատասնեակ աշակերտներ։ Իններորդ դասարաններու դասաւորման մէջ Ըլկըն Ազրա Տինտար հանդիսացաւ մրցոյթի առաջինը։ Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս, ուր բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին Ըլկըն Ազրա Տինտարը։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026