ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼԻ ՀԱՄԱՐ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ՝ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցաւ բարեյիշատակ ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Մթնոլորտը իսկապէս խորհրդաւոր էր, նաեւ յուզումնախառն՝ մանաւանդ, որ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ անմոռանալի բարերարի անունին ձօնուած դահլիճին մէջ։ Երեկոյթը նախատեսուած էր՝ որպէս «Բարեկամ» խումբի հիմնադրութեան տարեդարձ, սակայն, գործնականին մէջ եղաւ շատ աւելին։ Լուսահոգի Տիգրան Կիւլմէզկիլ նաեւ «Բարեկամ» խումբի գլխաւոր բարերարն էր։ Ուստի, այս խումբը յարմար դատած էր իր հիմնադրութեան տարեդարձը Տիգրան Կիւլմէզկիլի ոգեկոչման ծառայեցնել՝ յանուն երախտագիտութեան։
Երեկոյթը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր ողբացեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հարազատները՝ Ալէն-Մելիսսա Կիւլմէզկիլ-Պաղ ամոլը։
Նկատի ունենալով, որ «Բարեկամ» խումբի ծրագիրները ուղղուած են՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի եւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի սաներուն՝ այս կրթօճախներու աշակերտութեան կողմէ ներկայացուցիչներու արտայայտութիւնները խորապէս տպաւորիչ էին։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց երեկոյթի բոլոր մասնակիցները, որոնց շարքին էին նաեւ՝ Գարակէօզեան տան պատասխանատուները։
Օրուայ հանդիսավարն էր Նաթալի Քըր։ Երեկոյթի տեւողութեան արտայայտուեցան Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, հիմնադրի ներկայացուցիչ Ելիզ Էօղրէթ, «Բարեկամ»ի պատասխանատուներէն Հերա Միմարօղլու, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Արթին Քիլեճի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Եզրափակիչ փուլին սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ ոգեկոչեալ բարերարի դուստրը՝ Մելիսսա Կիւլմէզկիլ-Պաղ, որ ելոյթի աւարտին «Բարեկամ»ի կողմէ յուշանուէր մը ստացաւ՝ ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Հանդիսութեան մասնակիցներուն տեսակէտէ ողջունելի էր, որ Մելիսսա Կիւլմէզկիլ-Պաղ յանձն առած էր ընթանալ իր լուսահոգի հօր ճանապարհով՝ խրախուսելով «Բարեկամ»ի գործունէութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հուսկ բանքին մէջ օրհնեց Տիգրան Կիւլմէզկիլի բարի յիշատակը եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ալէն-Մելիսսա Կիւլմէզկիլ-Պաղ ամոլի ցուցաբերած ոգիին մասին։
Յայտագրի աւարտին, յարակից «Եթգին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ներկաներուն միջեւ ջերմ զրոյցի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Սա մէկ կողմէ «Բարեկամ»ի տարեդարձի սեղանն էր, իսկ միւս կողմէ հոգելոյս Տիգրան Կիւլմէզկիլի համար հոգեճաշ մը։
