ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ՝ 2025-2026 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն։ Վարժարանի թէ՛ լիսէի եւ թէ միջնակարգի բաժիններու աւարտական դասարաններուն համար կազմակերպուած շրջանաւարտից հանդէսը ընթացաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Դպրոցի պատմական համալիրէն ներս բառին բուն իմաստով տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ շրջանաւարտից հանդէսին առթիւ, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան։
Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը շրջանաւարտները անսահման սիրով եւ ապագայ յաջողութեան անկեղծ մաղթանքներով ողջունեցին՝ մինչ հանդէսին հետեւեցան նաեւ Մխիթարեանի ընտանիքի պատասխանատուները։
Լիսէի բաժնի շրջանաւարտները արդէն ապագայի վերաբերեալ նոր սպասումներու մէջ էին, իսկ միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները՝ կրթական կեանքէ ներս նոր հանգրուան մը թեւակոխելու ուրախութիւնը կ՚ապրէին։ Մխիթարեանցի ընթացաւարտները հանդէսի բոլոր մասնակիցներուն կողմէ ջերմօրէն շրջապատուեցան՝ մանաւանդ, որ իրենց ընտանիքներն ալ ապրեցան մեծ յուզում։
