ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Շաբաթավերջին, քաղաքիս յոյն համայնքէն ներս տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւն մը: Այսպէս, Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին յարակից՝ «Մարաշլը» երբեմնի վարժարանի շէնքի համալիրէն ներս ոգեկոչուեցաւ Սիմէոն Սինիսօղլու, որ եղած է Գնալը կղզիի յունաց ճամբարի հիմնադիրը: Հանգուցեալ Սիմէոն Սինիսօղլուի մահուան 120-ամեակին կազմակերպուած արարողութեան նախագահեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. ուղղափառաց տիեզերական պատրիարքը:
Այս հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր՝ Գնալը կղզիի յունաց վանքի տնօրէն Տիմիթրի Քումվոփուլոսի կողմէ գլխաւորուած յանձնախումբի մը կողմէ: Ատենախօսներու շարքին էին Տիմիթրի Քումվոփուլոս եւ Քրիստինա Զենկինօղլու: Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ մեր համայնքէն Արի Չոլաք, որ վերջին տարիներուն կը համակարգէ կազմակերպչական աշխատանքներ, որպէսզի թրքահայ պատանիներ կարողանան ամառուան արձակուրդի շրջանը անցընել Գնալը կղզիի յունաց ճամբարի համալիրէն ներս՝ քանի Գարակէօզեան տան կազդուրման կայանը փակ կը մնայ ակամայ:
Արի Չոլաքի ելոյթէն վերջ, Ափոստոլ մետրապոլիտին ձեռամբ իրեն յանձնուեցաւ նաեւ յուշանուէր մը՝ յոյն եւ հայ համայնքներուն միջեւ ծաւալուած գործունէութիւնը խթանած ըլլալու բերումով:
Հանգուցեալ Սիմէոն Սինիսօղլուի ի յիշատակ կազմակերպուած ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը, որու խօսքէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը: