Երկուշաբթի 24, Նոյեմբեր 2025
ՃԱՏՐԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ՝ հանգուցեալ Զաւէն Չիյտեմօղլուի յիշատակին ձօնուած ճատրակի մրցաշարք մը։ Երէկ, այս ձեռնարկը համախմբեց՝ զանազան տարիքային դասաւորումներէ 44 մարզիկ։ Հինգ ժամ տեւեցին խաղարկութիւնները, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն։
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան եւ գործակից ընկերները յանձնեցին դափնեկիրներուն յուշանուէրները։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ արհեստավարժ ճատրակի փորձառու վարպետներ՝ Սարվէն Չաքմաքի, Առնօ Կարապետեանի եւ Նատին Կեմրեքօղլուի ներդրումով։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025