ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ

Կեդրոնական վարժարանի մեծ ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին կազմակերպեց իր աւանդական պտոյտը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս պտոյտը տարիներէ ի վեր առիթ կը դառնայ մեծ խանդավառութեան։ Այս տարի եւս սոյն աւանդութիւնը շարունակուեցաւ՝ դէպի Քիլիոսի «Եշիլչիֆթլիք» զբօսարանը, ուր բոլորը անմոռանալի օր մը անցուց։

Թէ՛ զիրար եւ թէ բնութիւնը վայելելով՝ պտոյտի մասնակիցները օրուան ընթացքին ունեցան հաճելի ժամանց, միասնաբար ճաշեցին, իսկ աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ մարզական խաղերով հանդէս գալու։ Յատուկ փոխադրամիջոցներով կազմակերպուած պտոյտի աւարտին, բոլորը քաղաք վերադարձան վառ տպաւորութիւններով՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ մօտալուտ ամրան արձակուրդի եւ ընդհանրապէս ապագայի համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2026