Շաբաթ 24, Մայիս 2025
«ԲԱՐԵԿԱՄ»Ի ԱՅՑԵԼՈՒԹՒՒՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն, Պէզճեան Մայր վարժարանէն եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։ Այցելութիւնը կազմակերպուած էր «Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խումբին կողմէ, որ կը ջանայ վերոյիշեալ դպրոցներուն աջակցիլ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց տղոց։
Նոյն խումբին նախաձեռնութեամբ աշակերտները այցելեցին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին։
Շաբաթ, Մայիս 24, 2025