ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՐԸՅԷՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Սարըյէրի քաղաքապետ Օքթայ Աքսույի կողմէ՝ տարեմուտի առթիւ սարքուած ընթրիքին։ Սարըյէրի քաղաքապետարանը տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ՝ արդէն աւանդութիւնները ձեւաւորուած այս ընթրիքը։ Այս տարի եւս ճաշասեղաններու շուրջ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ջերմ զրոյց մը ունեցաւ քաղաքապետին հետ՝ յայտնելով իր ուրախութիւնը հանդիպման կապակցութեամբ։

Հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Շաբաթ, Յունուար 24, 2026