ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ առաջին դասարանի ընթերցման տօնը, որ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ համանուն սանուց միութեան սրահի երդիքին տակ։ Դասարանի ուսուցչուհի Այլին Էսաեան սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեց՝ արդէն տառաճանաչ դարձած փոքրիկները։ Հանդէսի տեւողութեան տղաքը գործադրեցին բազմակողմանի յայտագիր մը՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց թատերակներով, պարերով, արտասանութիւններով եւ երգերով։
Ծնողաց միութեան ներկայացուցիչները՝ Նարօտ Պալ Թաշճըօղլու եւ Սերափ Թունչ շնորհակալութիւն յայտնեցին դպրոցի կրթական մշակներուն, որոնք փոքրիկները առաջնորդած էին իրենց կրթական կեանքի առաջին քայլափոխին։
Հուսկ, շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, որ աշակերտները ողջունելու առընթեր՝ բարձր գնահատեց հանդէսի պատրաստութեան ուղղութեամբ աշխատած ուսուցչուհիները։Հաւաքոյթին ներկայ էին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան, թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ Գատըգիւղի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ, որոնք բոլորն ալ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ջերմօրէն շրջապատեցին փոքրիկներն ու հիւրերը։