Ուրբաթ 23, Մայիս 2025
ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇՐՋԱՓԱԿԷՆ ՆԵՐՍ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿԱՆԱՆՑ ՆԱԽԱՃԱՇ
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցաւ խանդավառ հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդն ու տիկնանց կազմը հիւրասիրեցին զանազան թաղերէ կանայք, որոնք նախաճաշի սեղաններու շուրջ համախմբուեցան։ Ամառնամուտի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթը բնորոշուեցաւ ներկաներու միջեւ ստեղծուած ջերմ ու անմիջական զրոյցի մթնոլորտով։ Նախաճաշի մասնակիցները ըրին նաեւ իրենց ուխտի աղօթքը՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ սրբավայրին մէջ։
Ուրբաթ, Մայիս 23, 2025