ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երեք շրջանաւարտուհիներ իրաւունք շահած են յառաջիկայ տարի իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Իտալիոյ մէջ: Այս երեք շրջանաւարտուհիներու յաջողութիւնը Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին մեծ ուրախութիւն պատճառած է: 

Լոռի Ելէկէն իրաւունք շահած է յաճախելու Փատովայի համալսարանը, ուր պիտի ուսանի կենսաբանութիւն: Քաթիա Մենթեշէ Թորինոյի համալսարանին մէջ պիտի մասնագիտանայ միջազգային իրաւաբանութեան եւ համաշխարհային ուսումնասիրութիւններու վրայ: Լարիսա Սիւլիւնօղլու Հռոմի համալսարանին մէջ կենսաբժշկական ճարտարագիտութիւն պիտի ուսանի: 

Կը շնորհաւորենք Դպրեվանքի երեք յաջող շրջանաւարտուհիները, որոնց կը մաղթենք ապագայ յաջողութիւն:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026