ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱՅՑԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները նախընթաց օր այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցիները։ Խումբը գլխաւորեցին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Այս ուղեւորութեան նպատակն էր՝ աշակերտներուն ծանօթացնել Վոսփորի Ասիական ափի մեր սրբավայրերը։ Երկու եկեղեցիներուն մէջ ալ տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան՝ մասնաւորապէս, որ Գուզկունճուքէ ներս Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց անոնց։ Շրջայցի աւարտին բոլորը դրական տպաւորութիւններով վերադարձան Թոփգաբու։

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025