ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ՝ շաբաթավերջին քահանայ ձեռնադրուելիք երկու սարկաւագներու կոչման արարողութիւնը։ Արարողութեան ներկայ էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ անդամներ։ Նորին Սրբազնութիւնը ձեռնադրութեան կոչեց Մուրատ Սարկաւագ Սարգիսեանը եւ Սեւան Սարկաւագ Տէյիրմենճեանը։
Այս վերջինները վաղը, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի օծուին՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի։ Խարտաւիլակն է Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան։
*
Ծ.Խ.- Երէկուան արարողութիւնը ուշագրաւ կացութեան մը դուռ բացած է։ Քահանայութեան կոչուած թեկնածուներէն մին մօտաւոր անցեալին հրապարակաւ հարցաքննութեան բացած, նոյնիսկ ապօրինի որակած էր երէկ կոչումը կատարած սրբազանին եպիսկոպոսութեան ձեռնադրութիւնը, հետեւաբար նաեւ իշխանութիւնը։ Այս մէկը պարզապէս պէտք է յիշեցնել պատմութեան համար, այլապէս, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վաղուց նորութիւն մը չէ, որ անսկզբունքայնութիւնը դարձած է հասարակաց յայտարար։