ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԱՅՍ ԵՂԱՆԱԿԻ ՎԵՐՋԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան մատոյց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեան Արթուն սրկ. Թեքիրօղլու եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Սա 2026 թուականի ամրան շրջանի կիրակնօրեայ վերջին կանոնաւոր Ս. Պատարագն էր կղզիի բարձունքին։ Արդարեւ, վերամուտի հետ արդէն ամրան շրջանը եզրափակուած կը համարուի եւ բոլորի առօրեան կը վերականգնուի քաղաքի մէջ։ 

Անցեալ ամրան եղանակը թէ՛ հոգեւոր արարողութիւններու եւ թէ ընկերամշակութային գործունէութիւններու առումով բաւական եռուն էր Գնալը կղզիի բարձունքին՝ մինչ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի օրհնութեամբ ու խրախուսանքով կեանքի կոչուեցան բազմակողմանի ծրագրեր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026