ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՄԱՐՄԻՆԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԼԱՒԱԳՈՅՆՍ ԱՅԺԵՒՈՐԵԼՈՒ՝ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆֆի Ալիքը, որուն կ՚ընկերանար համանուն սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէ։ Ռաֆֆի Ալիքի եւ Արսէն Գովանի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ մխիթարեանցիներու՝ շաբաթավերջին նախատեսուած աւանդական Խաւիծի օրուան նախօրէին։ Անոնք դիտել տուին, որ դպրոցի 200-ամեակը Մխիթարեանի մեծ ընտանիքէն ներս արտասովոր ոգեւորութեան ծնունդ տուած է, ուստի, այս տարուան Խաւիծի օրն ալ կը կազմակերպուի սովորականէ դուրս ձեւաչափով։
Ռաֆֆի Ալիք եւ Արսէն Գովան դիտել տուին, որ շրջանաւարտից հաւաքը աւանդական ոգիին համահունչ ծրագրուած է, սակայն, եղած են նոր երանգաւորումներ։ Յոբելենական ներկայ շրջանին շրջանաւարտներու տարեկան ժամադրութիւնը դարձեալ պիտի սկսի վանատան համալիրի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագով։ Մխիթարեանցիներուն համար միշտ բացառիկ հաճոյք է վերագտնել իրենց դպրոցը, համախմբուիլ անոր շրջապատէն ներս։ Մխիթարեանցիները այս տարի իրենց նուիրական օճախէն ներս զիրար պիտի ողջունեն ընթրիքի սեղաններու շուրջ։ Խաւիծի օրը, որ կը կազմակերպուէր կէսօրուայ ճաշի ժամերուն, այս տարուան հանդիսաւոր պայմաններուն ներքեւ սահեցուած է ընթրիքի ժամերուն։ Ծրագրին առանցքը միշտ պիտի կազմէ յոբելեար շրջանաւարտներու մեծարումը։ Ընթրիքի ընթացքին մեներգիչ Մարթէն Եորկանց երաժշտական յայտագիր պիտի գործադրէ։ Այժմու յոբելենական փուլին արտասահմանէն մխիթարեանցիներու մասնակցութիւնն ալ կը նախատեսուի Խաւիծի օրուան։
Ալիք եւ Գովան մեզի յայտնեցին, որ ի լրումն այս բոլորին՝ շրջանաւարտից հաւաքին զուգահեռ պիտի բացուի եզակի ցուցահանդէս մը, որ բաց պիտի մնայ շուրջ շաբաթ մը։ Աւետիս Անտինեանի կողմէ կեանքի կը կոչուի այս նախաձեռնութիւնը, որով կը ներկայացուին՝ Մխիթարեանի պատմութեան տեսակէտէ յատկանշական, վաւերագրական արժէքով տեսանիւթեր, առարկաներ եւ գիրքեր։ Այս ցուցահանդէսի բացման Խաւիծի օրուան զուգադիպիլը բոլորին հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի յոբելենական հանգրուանին թէ՛ հաստատութեան անցեալը վերարժեւորուի եւ թէ Մխիթարեանի ընտանիքը մերօրեայ ձեռքբերումներու խթանով կարողանայ աւելի լաւ պատկերացնել ապագան։
Խմբագրատանս երդիքին տակ հիւրերու հետ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ մօտաւոր անցեալին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն մէջ Մխիթարեանի մատակարար մարմնին հասցէագրուած քննադատութիւններուն, երբ վարչական տագնապ մը յառաջացած էր վարժարանի պարագային։ Ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք նշեց, որ այդ բոլորը մատակարար մարմինը ընկալած է տարակուսանքով, նաեւ որոշ դառնութեամբ։ Իր կարգին, թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան յայտնեց, որ տագնապալի իրավիճակներու մէջ հասկնալի ու բնական է, տարբեր արժեւորումներ կատարուին, տարբեր գնահատականներ տրուին մամուլին ու տուեալ տագնապի ենթականերուն կողմէ։ Այդ ժամանակ թերթիս քննադատութիւններուն պատճառ դարձած հիմնական գործօններէն մին եղած էր Կաթողիկէ հայոց նախկին վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի՝ իրավիճակին անյարիր եւ անհամապատասխան, անպատասխանատու հրապարակումները։ Ուստի, ան նշեց, որ այդ իրադարձութիւնները այսպիսի համայնապատկերի մը վրայ բիւրեղացած էին։ Յամենայնդէպս, Արա Գօչունեան ցաւ յայտնեց մատակարար մարմնի յուսախաբութեան համար եւ դիտել տուաւ, որ թերթս միշտ պատասխանատուութեամբ վերաբերուած է Մխիթարեանի նկատմամբ, երբեք իրադարձութիւնները չէ հրահրած եւ այս դիրքորոշման ապացոյցը եղած է տագնապին յաջորդած հրաժարականներուն նկատմամբ չափաւոր մօտեցումը։ Ըստ իրեն՝ այժմ, երբ տագնապը ձեւով մը յաղթահարուած է, թերթիս խմբագրութիւնը կը շարունակէ խրախուսել՝ Ռաֆֆի Ալիքի գլխաւորած Մխիթարեանի մատակարար մարմինը։
Այցելութեան աւարտին փոխանակուեցան բարեմաղթութիւններ եւ համակրանքի արտայայտութիւններ։