ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ «ՄԵՐԻՆՆԵՐԸ»

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի սաները երէկ թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ հանդէս եկան եզակի ձեռնարկով մը, որով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Այսպէս, մանկավարժ Անահիտ Սարգիսեանի հեղինակած «Մերինները» գիրքը տղաքը բեմականացուած ձեւով ներկայացուցին։ Սա արդէն իւրայատուկ գործ մըն է եւ անոր ընթերցման զուգահեռ՝ երաժշտութեամբ մատուցումը մեծ ոգեւորութեան մթնոլորտ մը ստեղծեց։ Կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տարուած էին՝ փորձառու կրթական մշակ Հերա Իսքենտէրօղլուի մականին ներքեւ։

Ձեռնարկին հետեւեցան նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներն ու այլ հիւրեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025