ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ համայնքային հինգ հաստատութիւններու վերաբերեալ գեղարուեստական ձեռնարկը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Այնպիսի խորքով եւ կատարեալութեամբ պատրաստուած ծրագիր մըն է այս մէկը, որ հինգ հաստատութիւններու պարագային համայնքէ ներս համատարած զգայնութիւնը արտայայտելու տեսակէտէ միջոցի մը վերածուած է։ Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ արուեստագէտներու, կրթական մշակներու եւ աշակերտներու մասնակցութեամբ մեծ եռանդով պատրաստուած նախագիծ մըն է այս մէկը։

Երէկ երեկոյեան, այս ձեռնարկը կրկնուեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս, «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Ծանօթ է, որ մօտաւոր անցեալին այս ծրագիրը առաջին անգամ համայնքային շրջանակներուն եւ հանրութեան ներկայացուած էր՝ Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ կազմակերպուած շքեղ հանդիսութեամբ։ Երէկուանը թէեւ կրկնութիւն մըն էր, սակայն, խանդավառութիւնն ու դահլիճէն ներս ստեղծուած բարձր տրամադրութիւնը նուազ չէր առաջինին բաղդատմամբ։

Հանդիսատեսները, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը, ուշադրութեամբ հետեւեցան յայտագրին՝ ծափահարութիւններով արտայայտելով իրենց գնահատանքը։

Եզրափակիչ փուլին հանդէս եկան հինգ հաստատութիւններու վարիչներ կամ անոնց տեսակէտէ ներկայացուցչական հանգամանքով դէմքեր՝ մինչ Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեան արտասանեց իր սրտի խօսքը։

Իր կարգին, հիւրընկալ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհին՝ Երանուհի Պալճըն ալ փակման փուլին ուրախութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի Պաքըրգիւղէ ներս կրկնութեան կապակցութեամբ եւ բարձր դրուատիքով արտայայտուեցաւ Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի կողմէ կատարուած աշխատանքին համար։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2025