ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայ Ուզունեան ակադեմական աշխատանքներու բերմամբ լուսարարապետութեան պաշտօնէն հրաժարած ըլլալով, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը փոխան լուսարարապետութեան ըրած է հետեւեալ տնօրինութիւնները.

Արժ. Տ. Նաթան Քահանայ Արապեան իր վրայ պահելով Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը՝ նշանակուած է Պատրիարքական Աթոռոյ արարողութիւններու ընդհանուր պատասխանատու։

Արժ. Տ. Թէոդիկ Քահանայ Չեթինքայա իր վրայ պահելով Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը՝ նշանակուած է Պատրիարքական Աթոռոյ եկեղեցաշինութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներէ պատասխանատու։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

19 նոյեմբեր 2025

15630

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025