ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուած էր այս հանդէսին առթիւ, որու ընթացքին մանկապարտէզի փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր։ Հիմնական հիւրերն էին մանկապարտէզի սաներու ծնողները, որոնք հասկնալիօրէն անբացատրելի ուրախութիւն մը ապրեցան՝ ի տես իրենց զաւակաց կրթական կեանքի առաջին քայլափոխի յաջողութեան։
Փոքրիկները առաջին վկայականները ստացան՝ ձեռամբ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլուի, տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիրի եւ այլ պատասխանատուներու։
Հանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու աւարտին տղաքը հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։