ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Երէկ, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը 2025-2026 տարեշրջանի եզրափակիչ փուլին խրախճանք մը իրականացուց Ռումելի Հիսարի Սուրբ Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ: Վոսփորի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որու ընթացքին տնօրէն խորհուրդը վերահսկեց մանկապատանեկան կազմի տղաքը: Ներկայ էր նաեւ դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ մանկապատանեկան երգչախումբի տղաքը առարկայ դարձուց իր անմիջականութեան:
Խրախճանքի սկիզբին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ճաշու ժամ, որու ընթացքին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան խօսեցաւ քարոզ մը:
Կրօնական արարողութենէն վերջ, տղաքը տարեվերջի խրախճանքի տեւողութեան ապրեցան մեծ խանդավառութիւն: Իսկապէս անբացատրելի ուրախութեան մէջ ժամանց մը եղաւ իրենց համար եւ զուարճանքը հասաւ գագաթնակէտին: Հուսկ, տղաքը ջերմօրէն փոխադարցեցին տնօրէն խորհուրդին եւ իրենց խմբավար՝ Շանթ Էսմէրին: