ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՒԱՔԸ

Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան հաւաքը այս տարի եւս անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։ Տատեան վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները համախմբուեցան՝ տօնելու համար իրենց միասնականութիւնն ու իրենց սիրեցեալ վարժարանի յարատեւութիւնը։ Անշուշտ, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ 25-ամեայ եւ 40-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները բացառիկ վերաբերմունքի արժանացան բոլորին կողմէ։

Շրջանաւարտից օրուան հաւաքը սկսաւ՝ դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած հիւրասիրութեամբ։ Ապա բոլորը համախմբուեցան «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Թայիս Մարալի։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, որ ողջունեց վարժարանի համալիրէն ներս ստեղծուած սերունդներու համախմբման տպաւորիչ պատկերը։

25-ամեայ եւ 40-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները ստացան իրենց յուշանուէրները՝ ծափահարութիւններու ներքեւ։ 25-ամեայ շրջանաւարտներուն անունով սրտի խօսք արտասանեցին՝ Լիզէթ Պայրամ եւ Սէրտար Չաքան։ 40-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցաւ փրոֆ. Արէտ Չերչի Էօզքան։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին բոլորը դարձեալ դուրս եկան պարտէզ, ուր սարքուեցաւ ընթրիք, որու ընթացքին բաժակ բարձրացուեցաւ Տատեանի եւ անոր սաներուն կենացը։ Բոլոր ներկաները ջերմ ու անմիջական զրոյց ունեցան իրարու հետ։ Շրջանաւարտից հաւաքի մասնակիցները բծախնդրօրէն հիւրասիրուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչներուն կողմէ։ Հուսկ, բոլորը հրաժեշտ առին վառ տպաւորութիւններով եւ յաջորդ տարուան համար ժամադրուելով։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026