ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԼՈՒՐԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ տքթ. Արա Չընարը, որուն կ՚ընկերանային գործակից ընկերներէն Գէորգ Էօզգարակէօզ, Արաս Չաղլըուզուն եւ Մուրատ Կէօրէյ։
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Եշիլգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ ներկայ տարին արտասովոր է՝ քանի կը զուգադիպի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Անշուշտ, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ տեղի պիտի ունենայ նաեւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։
Այս տարուայ մատաղօրհնութեան ընդառաջ, թաղային խորհուրդը արդէն ողջունելի լուրեր ունի համայնքային շրջանակներուն։ Արդարեւ, եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման առումով զարգացումներ արձանագրուած են՝ թաղային խորհուրդի ջանքերով։ Այսպէս, սանուց միութեան շէնքի յարակից «երկուորեակ»ը կը վերանորոգուի թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ աշխատանքը եզրափակիչ փուլ թեւակոխելու վրայ է։ Շինարարութեան ծախսերուն քառասուն տոկոսը հոգացած է բարերար մը։ Մնացեալ բաժինը կը դիմագրաւուի թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այսպէսով, տասնամեակներէ ի վեր անմխիթար վիճակի մէջ մնացած շէնքը համայնքի շահագործման պիտի յանձնուի՝ բուն դիմագիծով եւ ընկերամշակութային նպատակներու ծառայելու համար։
Դպրոցի հանդիպակաց տարածքի պարագային վերջին քանի մը նրբութիւններ պիտի հարթուին եւ այդ ընդարձակ մակերեսին վրայ արդիական կրթական համալիր մը ունենալու հնարաւորութեամբ պիտի օժտուի համայնքը։
Նախկին բացօթեայ շուկայի տարածքի արժեւորման հեռանկարներն ալ կ՚արժեւորուին թաղային խորհուրդին կողմէ։ Մինչ այդ, «Տիւրիւմճիւ պապա» ճաշարանի տարածքի եկեղեցապատկան բաժինը շատ նպաստաւոր պայմաններով՝ հրապարակի գիներէն աւելի բարձր փոխարժէքով մը վաճառուած է։ Թաղային խորհուրդը այդ գումարը ի պահ դրած է՝ նոր եւ յարաբերաբար աւելի բարձր հասոյթ ապահովելիք կալուած մը ձեռք բերելու համար՝ առանց որեւէ շինարարական ներդրման անհրաժեշտութեան։
Թաղային խորհուրդի օրակարգին վրայ կը գտնուին նաեւ այլ նման կալուածական ծրագրեր, որոնք աստիճանաբար պիտի հասուննան։ Յամենայնդէպս, թաղականները շեշտեցին, որ շինարարներու հետ շփումներու, բանակցութիւններու ժամանակ այլեւս դատապարտուած չեն կրաւորական դիրքերէ հանդէս գալու, այլ շատ աւելի նախաձեռնող վիճակի մէջ կը գտնուին։
Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը միշտ կ՚առաջնորդուի՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, թէ այս շրջանը հետզհետէ կը դառնայ հայաբնակ։ Ուստի, կրնայ գալ այն փուլը, երբ դպրոցի շէնքի տարողութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւն կրնայ ստեղծուիլ։ Այդ բոլոր հանգրուաններուն համար թաղային խորհուրդը այժմէն ունի մտադրութիւններ եւ պատրաստութիւններ։
Գալով այժմու վիճակին՝ Եշիլգիւղի վարժարանի այս տարուան պիւտճէի բացը կը կազմէ 11 միլիոն թրքական լիրա։ Աշակերտութեան թիւն է 268-ը։ Թաղային խորհուրդի ջանքերուն շնորհիւ դպրոցի պիւտճէին մէջ ծնողներու նուիրատուութիւններով դիմագրաւուած բաժինը հնարաւոր եղած է բարձրացնել մինչեւ 75 տոկոսի մակարդակի։
Զրոյցի աւարտին թաղականները կոչ ուղղեցին համայնքային շրջանակներուն, որպէսզի զօրակցութիւն ցուցաբերուի՝ Եշիլգիւղի վարժարանի կայունութեան երաշխաւորման համար։