ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ գրական ձեռնարկ մը, որու յայտագիրը յաջողութեամբ գործադրուեցաւ աշակերտութեան կողմէ։ Նախընթաց օրուան ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ մատակարար մարմնի վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Ալիք եւ իր գործակից ընկերները։ Յայտագիրը, ըստ էութեան, ոգեկոչման բնոյթ ունէր՝ հաստատութենէն վկայուած շարք մը հայ գրողներու համար։ Աշակերտներն ու ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան տարրական պատկերացում մը կազմելու՝ ոգեկոչեալ գրողներու կեանքին ու գործունէութեան շուրջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ դպրոցի կրթական մշակները, որոնք եւս, իրենց հերթին, գնահատանքով հետեւեցան աշակերտներու ելոյթներուն։ (Լուսանկարը՝ դպրոցէն)

Շաբաթ, Յունուար 17, 2026