«ԲԱՐԵԿԱՄ»Ի ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խումբի անդամները, որոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց նախաձեռնած՝ մանուկներու ուղղեալ տարեկան հաւաքի կազմակերպչական աշխատանքներու շուրջ։ Պատրիարքարանէն ուղարկուած լուսանկարին մէջ ան կ՚երեւի հիւրերուն հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2025