ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, այս տարի եւս, Համբարձման տօնը առիթ դարձաւ բացառիկ ոգեւորութեան՝ մանաւանդ, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 194-րդ տարեդարձը նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով: Հիւանդանոցի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ աւելցաւ նոր օղակ մը եւ Համբարձման տօնին այս տարի եւս համայնքային շրջանակները վերահասու դարձան հոգաբարձութեան կողմէ աւետիսներու, որոնք հաստատութեան կայուն վերելքի հերթական դրսեւորումները կը հանդիսանան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց երէկուան կրօնական արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան հիւանդանոցի Ս. Փրկիչ մատրան մէջ: Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան: Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներ: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի: Հանդիսադիր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը: Ս. Պատարագի աւարտին, Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հիւանդանոցի մատրան շրջափակէն ներս զետեղուած Կիւլպէնկեան գերդաստանի բարեյիշատակ անդամներու եւ հիւանդանոցի բոլոր սատարողներու եւ սպասաւորներու հոգւոցն ի հանգիստ:
Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան: Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրընկալեցին համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին ուրախակից ըլլալու: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց աշխարհիկ հանդիսութեան եւս, որու ընթացքին իսկապէս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ: Մասնակիցները մէկ կողմէ տարի մը եւս Համբարձման տօնի աւանդութիւններու կենսունակ մնալու ուրախութիւնը ապրեցան, իսկ միւս կողմէ վերահասու դարձան հաստատութեան ծառայութիւններուն առջեւ բացուած նոր հորիզոններուն:
Սիրոյ սեղանի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Արսլան, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլու: Ծաւալուն ելոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ան խօսեցաւ հիւանդանոցի համալիրէն ներս կատարուած վերջին ներդրումներուն եւ նորոգութիւններուն մասին: Արդարեւ, հիւանդանոցէն ներս նոր բաժիններ հաստատուած են՝ ուռուցքաբանութեան, սրտանօթային, շողարձակման ծառայութիւնները խորացնելու եւ արդիական ու համապարփակ սպասարկութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ: «Տավինչի» մարդամեքենայով վիրահատութիւններ ալ կատարուիլ պիտի սկսին Ազգային հիւանդանոցին մէջ: Պետրոս Շիրինօղլու այս բոլորին ելմտական երեսակներու մասին մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ՝ ընդգծելով, որ անոնց շնորհիւ հիւանդանոցին մատուցած ծառայութիւնները պիտի կատարելագործուին անհամեմատօրէն: Ան ցաւով յիշեցուց, որ այլ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցները կամ կը փակուին կամ ներկայիս անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուին, սակայն, հայոց Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի պարագային կացութիւնը ճիշդ հակառակն է: Պետրոս Շիրինօղլու համոզուած է, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը պէտք է մաս կազմէ երկրի ամենաառաջնակարգ հիւանդանոցներու շարքին, ինչ որ հիմնական երաշխիքը պիտի ըլլայ իր յարատեւութեան:
Վերջին շրջանին կատարուած նորութիւններուն անդրադառնալու առընթեր, Պետրոս Շիրինօղլու շեշտեց, որ այս տարի եւս հոգաբարձութեան գործունէութեան եւ հաշուետուութեան տեղեկագիրը պատրաստուած է: Այդ տեղեկագիրը արդէն ներկայացուցած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ ի մօտոյ՝ յառաջիկայ արձակուրդային շջանէն վերջ համայնքային բոլոր հաստատութիւններու ղեկավարութիւններուն պիտի ուղարկուի:
Հսկայական ներդրումներու տուեալները մատուցելու առընթեր, Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ հիւանդանոցը կը շարունակէ իրականացնել դարմանումը՝ մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերէ անհատներուն: Բաց աստի, ընկերային օժանդակութիւնները եւ բժշկագիտութիւն ուսանող երիտասարդներու համար կրթաթոշակներն ալ կը շարունակուին: «Մեր նպատակն է տալ անոնց, որոնք չունին», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու:
Վերջին շրջանի ձեռքբերումները թուարկելու ժամանակ, ատենապետը մասնաւորապէս շեշտեց, որ հիւանդանոցը ամբողջութեամբ համապատասխանեցուած է հրդեհաշիջման նոր կանոնադրութեան պահանջներուն, ինչ որ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին արդէն համապատասխանութեան մակարդակին պիտի հասնի: Հիւանդանոցի նոր բաժանմունքներն ու ամենաարդիական սարքաւորումներով զինուած բաժինները, վիրահատութեան սրահներն ալ շուտով ծառայութիւն մատուցել պիտի սկսին՝ պատկան իշխանութիւններու կողմէ վկայականներու յանձնումէն վերջ:
Ելոյթի տեւողութեան Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ ինք հոգաբարձութեան մաս կը կազմէ քսանհինգ տարիէ ի վեր եւ այդ ժամանակաշրջանի քսան տարին ալ եղած է ատենապետ: «Քսանհինգ տարիէ ի վեր մենք այս հիւանդանոցին հաշիւները ամենաթափանցիկ ձեւով կը ներկայացնենք մեր համայնքին», ըսաւ ան եւ մի առ մի թուարկեց զանազան ոլորտներու մէջ ցայսօր կատարուած ներդրումները: Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնները վաղ թէ ուշ տեղի պիտի ունենան եւ իրենք ապագայ հոգաբարձութեան պիտի յանձնեն լուրջ միջոցներ:
Ատենապետ Շիրինօղլու ելոյթի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ համայնքէն ներս հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հասցէագրուած քննադատութիւններուն՝ մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ: «Մեր նպատակն է հիւանդանոցն ու մեր դպրոցները շատ աւելի լաւ մակարդակներու բերել: Յամենայնդէպս, ես միշտ համոզուած կը մնամ, որ դպրոցները պէտք է միացուին: Մեր հիւանդանոցը շատ մեծցած է: Հիւանդանոցին դէմ պէտք չէ բեւեռացումներ ձեւաւորուին: Այս բանը պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ մենք բոլորս արդէն օր մը պիտի երթանք: Մենք այս առաքելութիւնը երիտասարդներուն պիտի փոխանցենք: Միւս կողմէ, մեր այսօրուայ 2500 աշակերտին համար ալ այսքան բարձր թիւով դպրոցը իսկապէս շատ է: Ես այս բանը կ՚ըսեմ մեր համայնքին համար՝ հոգ չէ, թէ գէշ մարդ կ՚ըլլամ բոլորի աչքին», նշեց Պետրոս Շիրինօղլու:
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ կանգ առաւ ժառանգի հասկացութեան վրայ: Ան նշեց, որ ժառանգի պարագային կայ երեք հաւանականութիւն. առաջին՝ սպառել, երկրորդ՝ պահել եւ երրորդ՝ պահել ու զարգացնել: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իրերայաջորդ սերունդները միշտ զարգացուած են հիւանդանոցի պարագային ժառանգութիւնը: Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները իսկապէս վարչական հանճար մը ի գործ դրած են հիւանդանոցի վերելքի ճանապարհին: Ան եւս անդրադարձաւ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան առկախուած ընտրութեան հարցին՝ ընդգծելով, որ այս նիւթի վերյիշումը ստիպողութիւն մըն է, որովհետեւ համայնքէն ներս կայ համապատասխան սպասում:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշեց, որ համայնքէն ներս հաւաքական տկարութիւն մը, թերութիւն մըն է վատ խօսելու սովորութիւնը: Հիւանդանոցի պարագային այս մէկը գագաթնակէտին կը հասնի, որովհետեւ սա մեր մեծագոյն հաստատութիւնն է եւ անոր պարագային ակնկալութիւններն ալ հասած են առաւեալգոյնի: «Հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը թէեւ տեղեակ է այդ սպասումներէն, սակայն, պէտք է վարուիլ ժառանգութեան գիտակցութեամբ: Այսինքն, առաջին հերթին պէտք է ապահովել, որ նաւը չընկղմի», ըսաւ ան:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ հիւանդանոցին նոր բաժանմունքներուն բացումը առաջ Աստուած քանի մը ամիսէն կը կատարուի, երբ որ հասնին պատկան իշխանութիւններուն կողմէ վկայականները: «Այն ինչ, որ հիւանդանոցէն ներս կը կատարուի, մեծագոյն մարդասիրական պատասխանատուութիւնն է: Այս հիւանդանոցը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի հանճարն ու սիներժին», նշեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը:
Հանդիսութեան ընթացքին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Աղաւնի Ութաշին, որ Սուրբ Փրկիչ մատրան նուիրած էր վարագոյր մը:
Հուսկ, միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով Համբարձման տօնակատարութիւնները հասան իրենց աւարտին:
