ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՂՕԹԵՑ ԱՐԿԱԾԱՀԱՐ ՊԱՏԱՆԻ ԱՐԵՍ ՏԵՄԻՐԻ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց մեր համայնքի պատանիներէն Արես Տեմիրին, որ վերջին օրերուն Գնալը կղզիի մէջ անցուցած է արկած մը։ Դէպքը եղած է բաւական լուրջ եւ մեծ ցաւ ստեղծած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ընտանիքը խոր մտահոգութեան պայմաններուն ներքեւ, Արես Տեմիր վիրահատուած է քիթէն եւ ուղեղէն։ Ան, դժբախտաբար, ունի նաեւ բեկուած ոսկորներ։ Թէեւ դարմանումը տակաւին չէ վերջացած, սակայն, մասնագէտները տեղեկացուցած են, որ ան յաղթահարած է ամենանուրբ փուլը։ Ըստ բժիշկներուն՝ այսպիսի բարդ պարագաներու բուժման ճանապարհին առաւելութիւններ կ՚ունենան այս տարիքային սահմանի հիւանդները։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ փութաց Կէօզթեփէի հիւանդանոցը, ուր Արես Տեմիր կը բոլորէ ապաքինման շրջանը։ Հիւանդանոցի մէջ Նորին Ամենապատուութեան ուղեկցեցան պատասխանատուներ, որոնք բացատրութիւններ տուին դարմանման ընթացքին շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, հաղորդավար Շահնուր Գազանճը, ինչպէս նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորեց դարմանեալ պատանիի հայրը՝ Պուրակ Տեմիր։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց Արես Տեմիրի առողջութեան համար։ Ան հայրական զօրակցութիւնն ալ արտայայտեց պատանիի ընտանիքին, որ դժուար շրջան մը կը դիմակայէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց չյուսահատիլ եւ հետեւիլ բժիշկներու ցուցմունքին։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ մասնագէտներու ջանքերով եւ Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ Արես Տեմիր կը վերագտնէ իր առողջութիւնը ու կը վերադառնայ բնականոն կեանքի։