ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՀՈԳԵՃԱՇ

Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը երէկ հոգեճաշ մը սարքեց մեր համայնքի այն մանուկներուն ու պատանիներուն համար, որոնք ամրան արձակուրդի առթիւ կը հիւրընկալուին Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարին մէջ։ Սեղանը օրհնեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Արթին Քիլէճի, հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան եւ անդամներէն Սարօ Պենկլեան եւ Սիմոն Քումրալ։ Հիւրերը ողջունեցին յունաց ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս եւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ կամաւոր կը համակարգէ տղոց կեցութեան ծրագրի աշխատանքները։

Ընթրիքը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Տղոց պարերն ու երգերն ալ համահունչ էին ստեղծուած ոգեւորութեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 14, 2025