ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը շարունակուի ուխտի շաբաթը։ Երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ, արդէն պատրաստուեցան այն ամանները, որոնց մէջ օրհնեալ խաղողի ողկոյզները պիտի բաժնուին հաւատացեալներուն։ Կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամներն ալ ներկայ էին եւ ջերմօրէն գնահատեցին կամաւորներու կողմէ կատարուած այս աշխատանքը։ Ստեղծուած խանդավառութենէն անմասն չմնացին նաեւ մեր համայնքի այն մանուկներն ու պատանիները, որոնք ամրան արձակուրդի առթիւ կը հիւրընկալուին Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարին մէջ։

Տաղաւարի այս խորհրդանշական պատրաստութեան ժամանակ հնչեցին հայկական ժողովրդական երգեր, որոնց զուգահեռ խումբ մը մասնակիցներ պար բռնեցին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 14, 2025