Երկուշաբթի 25, Մայիս 2026
ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր կ՚ընթանան աւանդական տօնակատարութիւններ՝ Համբարձման տօնին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան կը նախագահէ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ Ս. Փրկիչ մատրան մէջ առաւօտուն մատուցուած Ս. Պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօն, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Կիւլպէնկեան գերդաստանի անդամներու դամբարանին շուրջ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալեն համայնքային շրջանակները եւ հոգեւորականաց դասը՝ գլխաւորութեամբ Նորին Ամենապատուութեան եւ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի։
Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2026