ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտներէն բաղկացեալ երկու խումբեր վերջերս մասնակցութիւն բերին «Neslin Değişen Sesi» վարժարանին կողմէ կազմակերպուած մտախաղերու մրցոյթին։ Դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներէն բաղկացեալ այս երկու խումբերէն մին նուաճեց առաջնութիւնը։ Դափնեկիր դարձած կազմին մէջ էին՝ Ալին Աթաքէր, Լուսին Չաղլը եւ Ռալֆ Պուրակ Թիրեաքի։ Լիտա Աթաքէր, Լէա Աթաքէր եւ Արէս Մուսայիլօղլուէն բաղկացեալ միւս խումբն ալ անանտեսելի յաջողութիւն արձանագրեց մրցոյթի շրջանակներէն ներս։ Այս երկու խումբերու վերահսկողութիւնը ստանձնած էին՝ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Այլին Պահատըր Աւաճեան եւ Սելին Տեմիրճիօղլու։

Դպրոցէն ներս տղոց արձանագրած յաջողութիւնը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն՝ մինչ բոլորը ջերմ գնահատանքով շրջապատեցին դափնեկիր աշակերտները։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2026