Երկուշաբթի 25, Մայիս 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճի, փոխ-ատենապետ Ալէն Քայաօղլու, դպրոցի տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Նուպար Տինչէօզ։
Հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստացան՝ շաբաթավերջին նախատեսուած շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին ընդառաջ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան հետ անդրադարձան նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի օրակարգային զանազան նիւթերու։
Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2026