ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՄՐՑՈՅԹԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԻՆ

Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները վերջերս մասնակցութիւն բերին երկու մրցոյթներու, որոնցմէ մին բնապահպանական ոլորտին կը վերաբերէր, իսկ միւսը՝ մտախաղեր էին։

«Neslin Değişen Sesi» քոլէժին կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն մէջ դպրոցի խումբը հանդիսացաւ երրորդ։

Բաց աստի, պէզճեանցիները մասնակցութիւն բերին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հարաւ-արեւելեան Միջերկրականի բնապահպանական ծրագրի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած մրցոյթի մը, որու եզրափակիչ փուլին բարձրանալ յաջողեցան։ Այս մրցոյթը կազմակերպուած է՝ ջուրի խնայման, անոր արդիւնաւէտ օգտագործման եւ մանաւանդ՝ ջուրի աղբիւրներու պահպանման ուղղեալ զգայնութիւնները խրախուսելու նպատակով։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2026