ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ՈՒ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հիւրընկալեց Թաքսիմ մարզակումբի նորընտիր վարչութեան ատենապետ Ալէն Պաղն ու գործակից ընկերները։ Ինչպէս ծանօթ է, Ալէն Պաղի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան գործի գլուխ գալը համայնքային շրջանակներուն կողմէ ընկալուած է՝ որպէս ողջունելի իրադարձութիւն։ Համատարած զօրակցութեան մթնոլորտի մէջ, ընդհանուր ժողովէն անմիջապէս վերջ, Ալէն Պաղ եւ գործակից ընկերները այցելած էին Պատրիարքարան։ Ի շարունակութիւն, երէկ ալ Պաղ եւ ընկերները մեկնեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին, նորընտիր վարչայինները Պետրոս Շիրինօղլուին տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ Թաքսիմ մարզակումբի այժմու կացութեան, իրենց ծրագիրներուն եւ, ընդհանրապէս, ակումբի ապագայի վերաբերեալ մտահորիզոնին շուրջ։ Իր կարգին, Պետրոս Շիրինօղլու բարձր գնահատեց երիտասարդ վարչայիններու ծառայութեան եռանդը։ Ան յղեց յաջողութեան մաղթանքներ՝ յոյս յայտնելով, թէ վարչութեան նոր նախաձեռնութիւնները խթան կը հանդիսանան՝ մեր համայնքի երիտասարդ տարրերու համախմբման տեսակէտէ։

Հուսկ, հիւանդանոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Ալէն Պաղ եւ ընկերները ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին նուիրեցին Թաքսիմի մարզաշապիկ մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2026