ԿԻՒՆԷՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐ

ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի մասնակցութեամբ, Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէն Եավուզ Կիւնէր երէկ ընդունեց խումբ մը թրքահայ համայնքային վարիչներ։ Այսպէս, Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ իրենց խորհուրդներէն Քորայ Աշճը, Տայք Տանձիկեան, Խաչիկ Էօզտեմիր եւ Արման Թոկաչ ներկայացան Վաքըֆներու Ա. շրջանի տնօրէնութիւն։ 

Այս այցին կապակցութեամբ համայնքային մամուլին ներկայացուած են տեղեկութիւններ։ Այսպէս, զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկած են յիշեալ վաքըֆներու պիւտճէի դժուարութիւնները, անոնց կողմէ հովանաւորուած վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ ամրակայման անհրաժեշտութիւնը եւ 2025-2026 կրթական շրջանի ընդառաջ հայկական փոքրամասնական վարժարաններու միջեւ աշակերտներու բաժանման ընդհանուր պատկերը։ 

Ջերմ զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպումը, որու ընթացքին Եավուզ Կիւնէր անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերած է իր նկատառման յանձնուած խնդիրներուն նկատմամբ՝ ներկայութեամբ թեքնիք նիւթերու պատասխանատուներուն։ 

Զրուցակիցները ունեցած են օգտակար կարծիքի փոխանակումներ։ Անոնք արժեւորումներ կատարած են՝ համայնքային դպրոցներու տնտեսական կացութեան, պիւտճէի դժուարութիւններուն եւ աշակերտի քանակութեան առանցքներուն շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է, որ թրքահայ համայնքային վաքըֆները պէտք է գործունէութիւն ծաւալեն ընդհանուր ներդաշնակութեամբ եւ փոխադարձ զօրակցութեամբ։ Եկամուտներու եւ կալուածներու տեսակէտէ բարւոք վիճակով վաքըֆներու եւ յարաբերաբար աւելի համեստ միջոցներու տէր վաքըֆներու միջեւ փոխադարձ աջակցութիւնը համարուած է անհրաժեշտ՝ այն շեշտադրումով, որ այս ուղղութեամբ օրինական որեւէ արգելք գոյութիւն չունի։ 

Եավուզ Կիւնէր յայտնած է, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան յարակից կառոյցները միշտ փոքրամասնական համայնքներուն համար իրենց դռները բաց կը պահեն ու պատրաստակամ են աշխատանք տանելու՝ իրենցմէ կախեալ ամէն ինչը ընել՝ առկայ դժուարութիւններուն լուծում ապահովելու ճանապարհին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 13, 2025