Չորեքշաբթի 13, Օգոստոս 2025
ԿՂԶԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀՈԳԵՃԱՇԸ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հոգեճաշ մը սարքեց՝ Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի ամրան ճամբարին մէջ տեղակայուած հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար։ Այս առթիւ ճամբար այցելեցին ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ ընկերները, որոնց հետ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Խումբը ողջունեցին ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս եւ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ կամաւոր կը համակարգէ տղոց կեցութեան աշխատանքը։
Լեւոն Շատեան եւ գործակից ընկերները ուրախութիւն յայտնեցին, որ հայ եւ յոյն համայնքներու եղբայրական զօրակցութիւնը ծնած է օրինակելի համագործակցութիւն մը, որմէ կ՚օգտուին մանուկներ եւ պատանիներ։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 13, 2025