Հինգշաբթի 10, Յուլիս 2025
ԹԱԼԻԱ ԱՐԱՊՕՂԼՈՒ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱՑՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Համայնքային շրջանակները այս շրջանին կ՚ողջունեն մեր երիտասարդներէն Թալիա Արապօղլուի յաջողութիւնը. ան աւարտած է «Հալիչ» համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն։ Տարրական կրթութեան զուգահեռ՝ ներքին հիւանդութեանց պարագային սկզբնական աշխատանքները տարած է «Չամ Սաքուրա» եւ Օքմէյտանըի «Ճեմիլ Թաշճըօղլու» հիւանդանոցներուն մէջ։ Ան այժմ կը պատրաստուի մասնագիտական քննութեան, որպէսզի կարողանայ դառնալ մասնագէտ բժիշկ մը։
Թալիա Արապօղլու Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտներէն է եւ իր յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած է Գումգաբուի ընտանիքին։ Միջնակարգէն վկայուելէ վերջ, Թալիա Արապօղլու աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։
Հինգշաբթի, Յուլիս 10, 2025